Home ՍՓԻՒՌՔ Կազմակերպութեամբ Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան:- Հայ Ուսուցիչի Մեծարանքի Երեկոյ

Կազմակերպութեամբ Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան:- Հայ Ուսուցիչի Մեծարանքի Երեկոյ

by MassisPost

Երեքշաբթի, 7 Մարտ 2017-ի երեկոյեան, լիբանանահայ վարժարաններու հայերէն լեզուի ու գրականութեան եւ հայոց պատմութեան առարկաներու ուսուցիչները համախմբուած էին մէկ յարկի տակ, Հ.Կ.Բ.Մ.-ի Սահակեան-Լ. Մկրտիչեան Գոլէճի «Արմէն եւ Բերսաբէ Ճէրէճեան» սրահին մէջ: Հայ աշակերտին, ապագայ հայ մարդուն, հայ ժողովուրդի ապագայ ղեկավարներուն հայերէն լեզու ու հայոց պատմութիւն ուսուցանող եւ հայեցի դաստիարակութիւն ջամբող կրթական մշակներու ի մի տեղ ներկայ ըլլալը իր տեսակին մէջ եզակի եւ բովանդակալից երեւոյթ մըն էր լիբանանահայ կեանքէն ներս, որ իրականացած էր Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան Վարչութեան ազգանուէր եւ ազգապահպան աշխատանքին շնորհիւ: Ուսուցիչներու այդ աստղահոյլը հայութիւն, հայութիւն եւ միայն հայութիւն կը ճաճանչէր: Սփիւռքի տարածքին վրայ, օտարի երդիքին տակ հայապահպանման գործընթացին մէջ հայեցի դաստիարակութիւնը ունի մէկ ու միակ մեկնակէտ՝ հայրենասիրութիւն, ազգասիրութիւն, հայասիրութիւն: Տեղին է հոս արձագանգել մեծ բանաստեղծ Եղիշէ Չարենցի խօսքը.- «Ո՛վ հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը քո հաւաքական ուժի մէջ է»:

Template p2_Template p2.qxd

Ն.Ս.Մ.Մ.-ի վարչութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ Հայ Ուսուցիչի մեծարանքի երեկոյ, նախագահութեամբ Լիբանանի Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի, հովանաւորութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանութեան, ի ներկայութեան Պետական Երեսփոխան Սեպուհ Գալփաքեանի, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետ. Եկեղեցիներու ատենապետ եւ Հայկազեան Համալսարանի նախագահ Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտոսթեանի, Ս.Դ.Հ.Կ. Լիբանանի Շրջանի Վարիչ Մարմինի ատենապետ Տոքթ. Մարտիկ Ժամկոչեանի, Հ.Կ.Բ.Մ.-ի ատենապետ Պրն. Արամ Մալեանի, լիբանանահայ քսանմէկ վարժարաններու պատուարժան տնօրէն-տնօրէնուհիներու, ազգային վարժարաններու ուսումնական խորհուրդին, կրթական յանձնախումբերու, մտաւորականներու, մշակութասէր հասարակութեան եւ մեծարուող հարիւր երկու ուսուցիչ-ուսուցչուհիներու: Բարձր գնահատելի էր ներկայութիւնը եւ մասնակցութիւնը բոլոր լիբանանահայ վարժարաններու տնօրէնութեանց եւ ուսուցչական կազմին ազգային այս տօնախմբութեան:

Template p2_Template p2.qxd

Օրուան հանդիսութեան բացումը կատարուեցաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներով, կատարողութեամբ՝ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձր. Վարժարանի «Ծիծեռնակ» երգչախումբին, խմբավարութեամբ Պրն. Մանուէլ Քէշիշեանի: Ապա, բացման խօսքով օրուան խորհուրդը ներկայացուց տիկին Մարօ Շորճեան: Որմէ ետք, ուսուցիչներու եւ մայրենիի նուիրուած երգերով դարձեալ ելոյթ ունեցաւ «Ծիծեռնակ» երգչախումբը իր բարձր կատարողութեամբ: Ապա, բեմ բարձրացաւ օրուան բանախօսը՝ Դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեան, որ բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու է եւ շրջանաւարտ է Մելգոնեան Կրթական Հաստատութենէն ու Երեւանի Պետական Համալսարանէն: Այժմ փոխտնօրէնն է Հայ Աւետարանական Գոլէ ճին, ինչպէս նաեւ կը դասաւանդէ Հայկազեան Համալսարանէն ներս ու մաս կը կազմէ «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ի խմբագրութեան:

Դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեան որպէս ուսուցիչ-դաստիարակ տպաւորիչ կերպով ներկայացուց յաւուր պատշաճի իր խօսքը:

Գեղարուեստական յայտագրին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ ջութակահար Պրն. Յովիկ Աշըգեանը:

Ինչպէս նաեւ ասմունքով ելոյթ ունեցաւ արուեստագիտուհի, Ն.Ս.Մ.Մ. ատենապետուհի տիկին Անի Եփրեմեան:

Յարգարժան ատենապետուհին Ն.Ս.Մ.Մ.-ի վարչութեան անունով իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց գեղարուեստական յայտագրի բոլոր մասնակիցներուն, լիբանանահայ բոլոր վարժարաններու տնօրէնութիւններուն, որոնք սիրով ընդառաջած էին միութեան հրաւէրին եւ մասնայատուկ կերպով շնորհաւորեց պարգեւատրուող ուսուցիչ-ուսուցչուհիները:

Ապա, ան բեմ հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազանը, Վեր. Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանը եւ Լիբանանի մօտ ՀՀ Դեսպանութեան մշակութային կցորդ Վլատիմիր Պօղոսեանը, ուսուցիչներուն յանձնելու համար յուշանուէրները:

Յուշանուէրներու տուչութենէն ետք Սրբազան Հայրը իր սրտի խօսքը ուղղեց ներկաներուն, շնորհաւորեց ուսուցիչները եւ բարձր գնահատեց Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան կողմէ կազմակերպուած այս աննախընթաց ու ազգանուէր նախաձեռնութիւնը: Ապա, «Պահպանիչ»ով եզրափակեց իր խօսքը:

Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ «Սարդարապատ» խմբերգով, որմէ ետք տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment