Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՄԱԿ-ի Զեկոյցը Խստօրէն Քննադատած է Թուրքիոյ Քրտաբնակ Տարածքներու Մէջ Մարդու Իրաւունքներու Զանգուածային Խախտումները

ՄԱԿ-ի Զեկոյցը Խստօրէն Քննադատած է Թուրքիոյ Քրտաբնակ Տարածքներու Մէջ Մարդու Իրաւունքներու Զանգուածային Խախտումները

by MassisPost

ՄԱԿ-ը Թուրքիոյ մեղադրած է քրտաբնակ տարածքներու մէջ մարդու իրաւունքներու զանգուածային խախտումներ թոյլ տալու մէջ, որոնց հետեւանքով զոհուած են հարիւրաւոր խաղաղ բնակիչներ, սակայն ոչ ոք պատասխանատուութեան չէ ենթարկուած:

ՄԱԿ-ի հրապարակած նոր զեկոյցը կը փաստէ թրքական զինուժի կատարած ծանր յանցագործութիւնները քրտական ապստամբներու հետ պայքարի ընթացքին: «2015 թուականի յուլիսէն մինչեւ 2016 թուականի դեկտեմբեր ինկած ժամանակահատուածն Թուրքիոյ հարաւ-արեւելեան շրջանին ռազմական գործողութիւններու ընթացքին արձանագրուած են «համատարած աւերածութիւններ, սպանութիւններ եւ մարդու իրաւունքներու այլ լրջագոյն խախտումներ»,- ըսուած է 10 մարտին հրապարակուած այդ փաստաթուղթին մէջ:

Թրքական բանակի, այսպէս կոչուած՝ «անվտանգութեան ապահովման ուղղուած գործողութիւնները» ըստ ՄԱԿ-ի, վնասած են աւելի քան 30 քաղաքներ, մինչեւ կէս միլիոն քիւրտ խաղաղ բնակիչներ, որոնք ստիպուած եղած են լքել իրենց տուները: Ռազմական գործողութիւններու ընթացքին զոհուած է շուրջ 2 հազար մարդ, որոնցմէ 1200-ը՝ խաղաղ բնակիչներ:

«Կասկածեալներէն ոչ մէկը ձերբակալուած է, որեւէ մէկը չէ ենթարկուած պատասխանատուութեան»,- յայտարարած է ՄԱԿ-ի մարդկային իրաւանց հարցերով գերագոյն յանձնակատար Զիատ Ռաատ Հիւսէյնը, ընդգծելով, որ հարիւրաւոր խաղաղ բնակիչներու սպանութիւնները կը մնան չհետաքննուած: «Տպաւորութիւն կը ստեղծուի, որ 2015 թուականի յուլիսին Թուրքիոյ հարաւ-արեւելեան շրջանը մարդու իրաւունքները պարզապէս չեղեալ յայտարարուած են»,- ըսուած է ՄԱԿ-ի զեկոյցին մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment