Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդը Յայտարարութեամբ Հանդէս Եկած է Ընտրութիւններու Առնչութեամբ

Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդը Յայտարարութեամբ Հանդէս Եկած է Ընտրութիւններու Առնչութեամբ

by MassisPost

7-9 Մարտին, Գարեգին երկրորդ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի նախագահութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ գումարուած Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը անդրադարձ կատարած է ազգային կեանքին վերաբերող տարբեր հարցերուն, այդ շարքին նաեւ՝ յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն:

Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգի հաղորդագրութեան համաձայն՝ ընտրութիւններու առնչութեամբ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ, ուր, մասնաւորապէս, ըսուած է․ – «Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցու տօնակարգով Մեծ պահքի խորհրդաշատ եւ աղօթական օրեր է ապրում աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդը, ինքնաքննութեան, զղջումի եւ ապաշխարութեան մի շրջան։ Պահոց այս շրջանի ընթացքում՝ ապրիլի 2-ին, որը նաեւ նուիրական օր է մեր ժողովրդի համար ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի մեր նահատակ զաւակների լոյս յիշատակով, տեղի են ունենալու ՀՀ Ազգային ժողովի հերթական ընտրութիւնները. կարեւոր իրադարձութիւն ազգային մեր կեանքում, շրջադարձային հանգրուան հայոց պետականաշինութեան մէջ։ Առաջիկայ ընտրութիւններն առանձնակի նշանակութիւն ունեն մեր հայրենիքի համար՝ հունաւորելով անցումը նոր, խորհրդարանական կառավարման ձեւին եւ պայմանաւորելով նաեւ Մայր Հայաստանի յետագայ զարգացումը»։

«Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը դիմում է մեր Եկեղեցու զաւակներին եւ ՀՀ բոլոր քաղաքացիներին՝ մասնակցելու ընտրութիւններին հայրենիքի եւ մեր ժողովրդի ապագայի նկատմամբ պատասխանատուութեամբ ու նախանձախնդրութեամբ։ Կոչ ենք անում քուէարկել խղճի մտօք, առկայ քաղաքական տարակարծութիւնների մէջ տեղի չտալ յուզումների, առաւել եւս՝ անհանդուրժողականութեան եւ հակառակութիւններու», – ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը կը յորդորէ բոլոր քաղաքական ուժերուն եւ առաջադրուած թեկնածուներուն նախընտրական ու ընտրական գործընթացներու մէջ դրսեւորել խոհեմութեան, զսպուածութեան եւ փոխադարձ յարգանքի ոգի:

«Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցին ողջունում է բոլոր այն ազնիւ ազգանուէր նախաձեռնութիւններն ու ձգտումները, որոնք ուղղուած են մեր ժողովրդի բարօրութեանն ու առաջընթացին, հայրենիքի խաղաղութեանը, զօրացմանն ու ապահովութեանը», – յայտարարած է Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment