Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԿԸՀ Յայտարարած է որ «Ծառուկեան» Դաշինքը Խախտած է Ընտրական Օրէնքը

ԿԸՀ Յայտարարած է որ «Ծառուկեան» Դաշինքը Խախտած է Ընտրական Օրէնքը

by MassisPost

Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը յայտարարած է, որ դրամական ու նիւթական խոստումներով քարոզարշաւ սկսած Գագիկ Ծառուկեանը խախտած է օրէնքը։

ԿԸՀ նախագահ Տիգրան Մուկուչեանը «NEWS.am»-ին յայտնած է, որ նման խոստումներ տալը օրէնսդրութեան խախտում է. «Դա օրէնքի խախտում է, եւ դրա վերաբերեալ մենք արդէն իրազեկել ենք նրանց, որպէսզի դադարեցուի եւ յետագայում նման օրէնքի խախտումներ չթոյլատրուեն: Շարունակուելու դէպքում Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովն արդէն համապատասխան վարոյթ կը յարուցի, միջոցներ կը ձեռնարկի, որոնք ամրագրուած են Ընտրական օրէնսգրքում»,-ըսած է ան:

Նշենք, որ Ընտրական օրէնսգիրքի համաձայն, նախընտրական քարոզչութեան ժամանակ կուսակցութիւններուն արգիլուած է ընտրողներուն անհատոյց կամ արտօնեալ պայմաններով դրամ տալ կամ խոստանալ, սննդամթերք, ապրանքներ: Արգիլուած է նաեւ ծառայութիւններ մատուցել կամ խոստանալ:

Աւելի վաղ «NEWS.am»-ը յայտնած էր, որ Տաւուշի մարզին մէջ նախընտրական քարոզարշաւի ժամանակ «Ծառուկեան» դաշինքի ցուցակը գլխաւորող Գագիկ Ծառուկեանը բնակիչներուն կը խոստանար օգնութիւն տրամադրել: Մասնաւորապէս, ԲՀԿ առաջնորդը խոստացած է խաղողն ընդունիլ 150 դրամով, գիւղական թեխնիկա տրամադրել, կազ հայթայթել տուներուն եւ այլն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment