Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Գերմանիան կը Զգուշացնէ Թուրքիոյ, որ Նացիստական Համեմատութիւնը «Կարմիր Գիծն է», որ Կարելի Չէ Անցնիլ

Գերմանիան կը Զգուշացնէ Թուրքիոյ, որ Նացիստական Համեմատութիւնը «Կարմիր Գիծն է», որ Կարելի Չէ Անցնիլ

by MassisPost

Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Զիկմար Գաբրիէլը յայտարարած է, որ Գերմանիան եւ Թուրքիան պէտք է քայլեր ձեռնարկեն շարք մը սադրանքներու հետեւանքով խաթարուած դիւանագիտական յարաբերութիւնները վերականգնելու ուղղութեամբ, միեւնոյն ժամանակ զգուշացնելով Անգարային, որ նացիստներու հետ համեմատութիւնը «այն կարմիր գիծն է, որ կարելի չէ անցնիլ»:

8 Մարտին Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ հանդիպումէն ետք Գաբրիէլը յայտարարած է, որ հակառակ կողմերու ունեցած տարաձայնութիւններուն՝ «երկխօսութեան այլընտրանք չկայ, որովհետեւ ան միակ ճանապարհն է բնականոն եւ բարեկամական յարաբերութիւնները վերականգնելու համար»:

Երկու երկիրներու յարաբերութիւնները սրուած էին Թուրքիոյ եւ Գերմանիոյ քաղաքացի՝ «Die Welt» պարբերականի թղթակից Տէնիզ Եուճէլի ձերբակալութենէն ետք: Այնուհետեւ, երբ Գերմանիոյ տարբեր քաղաքներու մէջ արգիլուեցան թուրք պաշտօնեաներու ելոյթները՝ Գերմանիոյ մէջ բնակող Թուրքիոյ քաղաքացիներու շրջանին սահմանադրական հանրաքուէի վերաբերեալ քարոզարշաւ իրականացնելու նպատակով, Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան Գերմանիոյ մեղադրեց «նացիստական գործելակերպի» մէջ: Անոր այս յայտարարութեան անմիջապէս արձագանգեց Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մէրքէլի գրասենեակը, յայտարարելով, որ Էրտողանի այդ գնահատականը «անհեթեթ է եւ տեղին չէ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment