Home ՍՓԻՒՌՔ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Ամառնային «ԶԱՐՄԱՆԱԶԱՆ» Ծրագիրը

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Ամառնային «ԶԱՐՄԱՆԱԶԱՆ» Ծրագիրը

by MassisPost

Zarmanazan arm

Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութիւնը արեւմտահայերէնի զարգացման իր հնգամեայ ծրագիրի ծիրին մէջ՝ «ԶԱՐՄԱՆԱԶԱՆ» անունով կրթական աշխատանոցի մը կը ձեռնարկէ, որ նոյն վայրին մէջ պիտի համախմբէ իրար ամբողջացնող երկու ճիւղեր:

10 էն 15 տարեկան մանուկներուն ուղղուած ամառնային ճամբար մը (Լիոնի «Հազար ու մէկ աշխարհ» ընկերակցութեան հետ գործակցութեամբ), զուարճալի ու ստեղծագործական միջավայրի մը մէջ, արեւմտահայերէնի գործածութիւնը խրախուսելու նպատակով:

Սփիւռքի ներկայ եւ ապագայ արեւմտահայերէնի ուսուցիչներուն ուղղուած արհեստագիտական վարժընթաց մը (Ֆրանսայի Արեւելեան Լեզուներու եւ Քաղաքակրթութիւններու Ազգային Հիմնարկին հետ գործակցութեամբ), որ պիտի վաւերացուի համալսարանական վկայականով մը:

Ամառնային ճամբարին մասնակից մանուկներն ու պատանիները 25 օր տեւողութեամբ՝ փորձառու 15 ուղեկիցներու հետ ներշնչող մթնոլորտի մը մէջ պիտի ապրին։ Ամբողջովին թաթխուած արեւմտահայերէն հնչող միջավայրի մը մէջ, պիտի ստեղծագործեն, պիտի յայտնաբերեն, պիտի սորվին եւ պիտի զուարճանան զանազան աշխատանոցներով (երաժշտութիւն, պար, թատրոն, գեղարուեստ) եւ մարզախաղերով։ Ասոնց ընդմէջէն՝ լեզուն վերջապէս պիտի դառնայ հաղորդակցութեան եւ ստեղծագործութեան բնական միջոց մը։

«Զարմանազան» ճամբարը ներգործութիւններու տարածք մը պիտի մատուցէ , ուր բոլոր մասնակիցները իրարմէ սորվելու եւ ընկերային կապեր հաստատելու առիթը պիտի ունենան, հարստացնող եւ եզակի փորձառութիւն մը ապրելով։

Ճամբարը բաց է սփիւռքահայ բոլոր մանուկներուն եւ պատանիներուն։ Նախատեսուած է 40 երախայի համար։ Հայերէնի իմացում չի պահանջուիր։

Ուսուցիչներու պատրաստութեան ծրագիրը 15 ուսուցիչներ պիտի ընդունի, որոնք խտացեալ ուսումնակրթական ծրագիրի մը պիտի հետեւին։ Ծրագիրը կ՚ընդգրկէ գործնական վարժընթաց մը եւ մասնագիտական դասախօսութիւններ, նորագոյն մանկավարժական մօտեցումներու եւ միջոցներու կիրարկումով։

Ճամբարին վայրն է՝ Ֆրանսայի Լա Պուրպուլ գիւղաքաղաքը։

Արձանագրութեան դիմումները կատարել նախքան 25 Մարտ 2017-ը ժամը 23:00 ին՝ Կրինուիչի ժամով։

Յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու համար այցելեցէք՝ www.zarmanazan.com

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment