Home ԳՐԱԿԱՆ «Սրտիս Փիրուզը».Թուրք Լրագրողը Վէպ Գրած է Թուրք Աղայի Կողմէ Որդեգրուած Հայ Աղջկայ Մասին

«Սրտիս Փիրուզը».Թուրք Լրագրողը Վէպ Գրած է Թուրք Աղայի Կողմէ Որդեգրուած Հայ Աղջկայ Մասին

by MassisPost

Պոլսոյ մէջ տեղի է ունեցած է թուրք գրող, լրագրող Նիվէր Լազօղլուի հեղինակած «Սրտիս Փիրուզը» վէպին շնորհանդէսը:

Գիրքը կը պատմէ 1915-ին (Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ-ակունքի խմբ.) թուրք աղաներէն մէկուն կողմէ որդեգրուած հայ աղջկան` Փերուզի մասին:

Լազօղլուն գիրքին մէջ կը ներկայացնէ նաեւ Թուրքիոյ Կիրեսուն (Կերասուն-ակունքի խմբ.) նահանգէն Էլազըղ (Խարբերդ) եկած (բերուած–խմբ.) ու 6 տարեկանին որդեգրուած Փերուզի կեանքի յետագայ պատմութիւնը:

Ըստ թրքական «Sabah» թերթին, Լազօղլուն յայտնած է, որ վէպին գլխաւոր հերոսը` Փերուզը, եղած է իր տատիկին մտերիմը, իսկ պատմութիւնը ինքը լսած է հերոսուհիին աղջիկէն:

Հեղինակը նշած է, որ այս պատմութիւնը վէպի վերածուած է Փերուզի ընտանիքի ցանկութեամբ:

«Կը ցանկամ ներկայացնել նոյն հողի վրայ դարերով ապրած տարբեր մշակոյթի ներկայացուցիչներու հարեւանութիւնն ու եղբայրութիւնը, Անատոլիոյ` նմանը չունեցող մշակութային խճանկարը հասցնել մեր օրերը»,- եզրափակած է Լազօղլուն:

Կը նշուի, որ վէպը մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուցած է թուրք ընթերցասէրներուն մէջ:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment