Home ԳՐԱԿԱՆ Պոլսոյ Մէջ Լոյս Տեսած է «Աւրորա»ի Թրքերէն Տարբերակը

Պոլսոյ Մէջ Լոյս Տեսած է «Աւրորա»ի Թրքերէն Տարբերակը

by MassisPost

Aurora_turkishՉմշկածագէն մինչեւ Հոլիվուտ կնոջ մը կեանքի ոդիսականը պատմող AURORA գիրքը, որու մասին նաեւ ժապաւէն մը պատրաստուած է, վերջերս թրքերէն տարբերակով հրատարակուած է «Արաս»ի կողմէ: Այս մասին կը տեղեկանանք «Արաս» հրատարակչատան էջէն:

1915-ին մազապուրծ 14-ամեայ Արշալոյսին ոդիսականն է այս մէկը: Ան Չմշկածագի մէջ ականատես եղած էր իր ժողովուրդի ոչնչացման ու մի առ մի  կորսնցուցած՝ իր ընտանիքի անդամները: Հակառակ իր ենթարկուած մարմնական ու հոգեկան չարչարանքներուն, ան յաջողած էր մնալ կենդանի: 1915-ին մահէ փրկուելէ վերջ ան մեկնած էր Միացեալ Նահանգներ: Երկու տարի անց Հենրի Կէյցի կողմէ հրատարակուած է իր ոդիսականը, որ ուշագրաւ դարձած է նաեւ Հոլիվուտի արտադրիչներուն համար:

«Արաս»ի հրատարակած գիրքի խմբագիրն է Էնթընի Սլայտ: Ան կանգ առած է հարցի այս երեսակին վրայ:

Ցուցադրութեան շրջանին արժանացած հետաքրքրութեամբ մրցանիշեր կոտրած AURORA-ն յաջորդող շրջանին անհետացած է եւ անկէ հազիւ քանի մը դրուագներ մնացած են: Էնթընի Սլայտի այս գործը անգլերէնէ թրքերէնի թարգմանած է Էվրիմ Քայան:

Շարժանկարի աշխարհի յայտնի վարպետ Ատոմ Էկոյեանն ալ առաջաբան մը գրած է գիրքին համար:

Էնթընի Սլայտ, որ 1944-ին ծնած է, համբաւ ձեռք բերած է զուարճանքի արդի աշխարհի վերաբերեալ իր աշխատանքներով:

Այս գործը հրատարակութեան պատրաստած է Սօսի Տոլանօղլու, իսկ կողքի ձեւաւորումը կատարած է Արէտ Կըճըր: Գիրքին բովանդակութիւնը ճոխացուած է շարք մը լուսանկարներով:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment