Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նախագահ Սերժ Սարգսեան Չէ Ընդգրկուած ՀՀԿ Ցուցակին Մէջ Հաշուի Առնելով Ընդդիմութեան Մտահոգութիւնները

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Չէ Ընդգրկուած ՀՀԿ Ցուցակին Մէջ Հաշուի Առնելով Ընդդիմութեան Մտահոգութիւնները

by MassisPost

Մենք ի գիտութիւն կ’ընդունինք մեր ընդդիմութեան արտայայտած մտահոգութիւնը՝ կապուած ընտրական գործընթացին վարչական ռեսուրսի օգտագործման հնարաւորութեան հետ։ Այս մասին «Euronews»–ին տուած հարցազրոյցին նշած է ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանը՝ պատասխանելով հարցին, թէ արդեօք յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ՀՀԿ ցուցակին մէջ իր բացակայութիւնը կը նշանակէ, որ կը հեռանայ քաղաքականութենէն։

«Դա նաեւ նշանակում է, որ մենք ինքնաարտայայտման հնարաւորութիւն ենք ստեղծում երիտասարդների համար։ Արդէն 10 տարի ես Հանրապետական կուսակցութեան առաջնորդն եմ, եւ ես մնում եմ այդ կարգավիճակում»,–նշած է Սերժ Սարգսեան։

Հարցին, թէ ինք ուր կը տանի ներկայ նախագահական հանրապետութիւնը, ՀՀ նախագահը վստահութիւն յայտնած է, որ Հայաստանը ցանկալի երկիր պիտի ըլլայ իւրաքանչիւր հայու համար։ «Ես խորապէս համոզուած եմ, որ կառավարման խորհրդարանական մոտելն աւելի արդիւնաւէտ է։ Այն աւելի լաւ հնարաւորութիւններ է ապահովում պետական կառավարման համար։ Այն աւելի լայն հնարաւորութիւններ է տալիս երկրի քաղաքացիներին եւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներին՝ մասնակցելու երկրի կառավարմանը։ Մենք նաեւ կցանկանայինք այնպիսի պայմաններ ստեղծել, որոնց դէպքում քաղաքացիները բողոքի դուրս գալու աւելի քիչ պատճառներ կ’ունենային, քանի այն պայմաններն են, որոնց նրանք սովորել են»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment