Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ «Ինթըրփոլ»-ը Մերժած է ԼՂ Այցելած Գիտնականներուն Նկատմամբ Միջազգային Հետախուզում Յայտարարելու Ատրպէյճանի Դիմումը

«Ինթըրփոլ»-ը Մերժած է ԼՂ Այցելած Գիտնականներուն Նկատմամբ Միջազգային Հետախուզում Յայտարարելու Ատրպէյճանի Դիմումը

by MassisPost

Ըստ «Ինթըրփոլ»-ի Հայս տանի պիւրոյի ղեկավար Արա Ֆիդանեանի, կառոյցի գլխաւոր քարտուղարութիւնը, հիմնաւոր համարելով իրենց պարզաբանումը, դիմած է անդամ երկիրներուն՝ տեղեկացնելով, որ նշուած գիտնականներու նկատմամբ հետախուզում իրականացնելու անհրաժեշտութիւն չկայ։

2002 թուականէն Ղարաբաղի Ազոխ գիւղին մէջ հնագիտական պեղումներ իրականացուցած հայաստանցի, սպանացի եւ բրիտանացի գիտնականներու գործողութիւններու հիմքով Ատրպէյճանի դատախազութիւնը այս տարուան փետրուարին քրէական գործ յարուցած էր։ Անոնք կը մեղադրուին Ատրպէյճանի քրէական օրէնսգիրքի  շարք մը յօդուածներու յատկանիշներով՝ հակամարտութեան ժամանակ միջազգային մարդասիրական նորմերը խախտելը, յատուկ արժէք ունեցող առարկաներ թալանելը, հեղինակային կամ յարակից իրաւունքները խախտելը, պետութեան դէմ ուղղուած հանրային կոչեր ընելը եւ Ատրպէյճանի պետական սահմանը ապօրինի հատելը:

«Ինթըրփոլ»-ի Հայաստանի կառոյցի ղեկավար Արա Ֆիդանեանի հաւաստմամբ, հայկական պիւրոյի պարզաբանումը միջազգային կառոյցը հիմնաւոր համարած է։ Գլխաւոր քարտուղարութիւնը այնուհետեւ դիմած է անդամ երկիրներուն ու տեղեկացուցած, որ նշուած գիտնականներու նկատմամբ հետախուզում իրականացնելու անհրաժեշտութիւն չկայ։

«Հիմնաւորումն էլ այն էր, որ այդ տարածքը, բնականաբար, չի համարւում Ատրպէյճանի տարածք, աւելին՝ իրենց քրէական օրէնսգրքի յօդուածն այդպիսինն է՝ Ատրպէյճանի կողմից վերահսկուող տարածք, ինչը, բնաւ, այդպէս չէ: Մեր միւս հիմնաւորումն այն էր, որ որեւէ քաղաքական ենթաթեքստ գիտնականների գործունէութեան մէջ առկայ չի եղել»,- «Ազատութեան» հետ զրոյցին ըսած է Ֆիդանեան:

Անոր պնդմամբ, Ատրպէյճանը փորձած է «Ինթըրփոլ»-ը օգտագործել քաղաքական հարցեր լուծելու համար, ինչը կառոյցի կանոնադրութեամբ արգիլուած է։ Այն, որ հարցի քաղաքական ենթաթեքստ ունենալու մասին համոզուած է նաեւ Ատրպէյճանի թիրախ յայտնուած գիտնականներէն Լեւոն Եպիսկոպոսեանը։ «Վերջիվերջոյ քաղաքական ենթաթեքստ է, այսինքն, Արցախի դիրքը հզօրացնում է․ Արցախը հանդէս է գալիս ոչ միայն որպէս պաշտպանուող պետութիւն, այլ նաեւ արարող, ստեղծող պետութիւն, որտեղ միջազգային մակարդակի աշխատանքներ են կատարւում»,- ըսած է հայ գիտնականը:

Գիտական խումբը նախապէս ալ Ատրպէյճանի ուշադրութեան կեդրոն եղած է։ Ազոխի քարանձաւին մէջ հնագիտական պեղումներու վերաբերեալ գիտական խումբը գիրք հրատարակած է, որու դէմ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչը ելոյթ  ունեցած է ԵԽԽՎ-ի ամպիոնէն։ «Ինքը ոչ մի պատասխան չստացաւ մեր հայ պատգամաւորների կողմից, ոչ մի պատասխան: Գիտեք, մի քիչ անպաշտպան ես զգում այդ դէպքում քեզ, եթէ քո պետութեան ներկայացուցիչները քեզ թիկունք չեն կանգնում»,- շարունակած է Լեւոն Եպիսկոպոսեանը:

«Ինթըրփոլ»-ի տեղեկացմամբ, Հայաստանը պարզաբանում ներկայացուցած է նաեւ ԼՂ Սահմանադրութեան հանրաքուէն դիտարկած ԵԽ երեք պատգամաւորներու առնչութեամբ, թէեւ Ատրպէյճանը ընդամէնը մտադրութիւն յայտնած էր անոնց նկատմամբ միջազգային հետախուզում յայտարարելու մասին։ ԱԳՆ մամլոյ խօսնակ Տիգրան Բալայեանի գնահատմամբ, Ատրպէյճանի մեղադրանքները շինծու եւ սին են ու որեւէ հեռանկար չունին։

«Չեմ կարծում, որ թէ՛ Լափշինի գործով, թէ՛ այս գործով Ատրպէյճանն ինչ-որ բան է շահել, հակառակը՝ Ատրպէյճանի առանց այդ էլ շատ ցածր մակարդակի վրայ գտնուող հեղինակութիւնը տուժել է: Արցախ այցելութիւններն էլ ինչպէս եղել են, այնպէս էլ շարունակուելու են ու բազմապատկուելու են»,- «Ազատութեան» ըսած է Հայաստանի ԱԳՆ խօսնակը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment