Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը 25 Տարեկան է

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը 25 Տարեկան է

by MassisPost

Այսօր կը լրանայ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի ստեղծման 25-ամեակը: Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին Նախագահի՝ 3 Մարտ 1992-ի հրամանագիրով՝ ստեղծուեցաւ կառոյց մը, որ, պայմանաւորուած իր համազգային կարեւորագոյն առաքելութեամբ, ու ստացաւ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամ անունը:

1992 Մայիս 16-ին «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի 24 անդամէ բաղկացած Հոգաբարձուներու Խորհուրդը հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ. «Աղէտաբեր երկրաշարժ, բազմահազար անօթեւան բռնագաղթուածներ, արցախահայութեան տագնապալի կացութիւն, քայքայուած տնտեսութիւն, երկարատեւ շրջափակումներ, այս եւ բազմաթիւ այլ դժուարութիւններ յաղթահարելի են միայն ազգի բոլոր անդամներու ուժերու եւ հնարաւորութիւններու համախումբ գործադրման, միասնական ու միաբան գործելու պարագային: Հայ ժողովուրդի գոյատեւման ու բարգաւաճման գլխաւոր նախապայմանի` մեր ազգային պետականութեան հաստատման, Մայր Հայրենիքի տնտեսական, գիտական, կրթական, հոգեւոր ու մշակութային զարգացման խնդիրներու լուծման մասնաբաժին ու աշխոյժ մասնակցութիւն ունենալը իւրաքանչիւր հայու համար պէտք է մեծագոյն պատիւ եւ պարտք դառնայ»:

Այսօր, իր գոյութեան 25-րդ տարին, Հիմնադրամը ունի աշխարհասփիւռ յանձնախումբեր, ազգանուէր առաքելութիւնը ստանձնած նուիրեալներ ու կամաւորներ, հայրենաշինութիւնը իրենց սուրբ պարտքը համարող բարերարներ ու նուիրատուներ եւ միասնաբար իրագործած ձեռնարկներ ու ձեռքբերումներ: Աշխարհով մէկ սփռուած հայութեան զօրաւոր միասնութեան իբրեւ արդիւնք՝ այս տարիներուն ծնունդ առած են ճանապարհ, հիւանդանոց, դպրոց ու մանկապարտէզ, ջրատար, կազատար, արուեստի, գիտութեան, մշակոյթի վերելքը խթանող նախաձեռնութիւններ: Իւրաքանչիւր իրագործած ծրագիրով մենք ուղերձ կը յղենք միջազգային հանրութեան, որ, ի հեճուկս միմեանց յաջորդող մարտահրաւէրներու, ունինք անկախ պետականութիւն եւ ամէն գնով պէտք է պահպանենք ու ամրապնդենք մեր յաղթանակը:

Մեր նորագոյն պատմութեան ձեռքբերումները այն ժառանգութիւնն են, որոնք պէտք է ձգենք մեր սերունդներուն, ինչպէս որ անոնց պէտք է փոխանցենք մեր հաւաքական ուժի եւ Հայրենիքին նուիրումով ծառայելու խորհուրդը:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment