Home ՍՓԻՒՌՔ Եպիսկոպոս Սահակ Մաշալեան «Տեղապահի Ընտրութենէն Ետք Փոխպատրիարքի Պաշտօնը Պատմութեան Պիտի Անցնի»

Եպիսկոպոս Սահակ Մաշալեան «Տեղապահի Ընտրութենէն Ետք Փոխպատրիարքի Պաշտօնը Պատմութեան Պիտի Անցնի»

by MassisPost

Պոլսոյ հայոց պատրիարքական կրօնական ժողովի ատենապետ, Եպիսկոպոս Սահակ Մաշալեան Պոլսոյ հայկական «Ակօս»–ի հետ զրոյցին պատմած է Էջմիածնի հանդիպումէն մանրամասներու մասին։

Եպիսկոպոս Մաշալեան ըսած է, որ Էջմիածինի մէջ երկու օր տեւած հանդիպումներուն Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի աջակցութեամբ հնարաւոր եղած է խաղաղութեան տանող ճանապարհային քարտէզ  գծել։  «Վեհափառի առաջնորդութեամբ Պոլսոյ պատրիարքի ընտրութեան հետ կապուած սկզբունքներ յստակացուցինք եւ այդ ծիրէն ներս մեր ընելիքները պարզեցինք։ Երեք սրբազաններով աշխատեցանք մէկս միւսին հասկանալ։

Վեհափառին ըսինք, որ Արամ Սրբազանը 9 տարի վատ ղեկավարած է ու ընտրութեան հարցը հիմնական խնդիրի ինք վերածած է։ Ան արդէն առաջնորդ մնալու իրաւունք չունի, ժողովուրդի մօտ վստահութիւնը խախտուած է եւ պէտք է ան հրաժարական տայ։ Սակայն Վեհափառը ըսաւ, որ նման մեղադրանքները իրեն միայն պաշտօնապէս պէտք է դիմեն, որմէ յետոյ անոնք կը յանձնուին կրօնական դատարանին։ Վեհափառը շեշտեց, թէ 9 տարուայ մէջ Պոլիսէն Արամ Սրբազանի հասցէին քանի մը բողոքէն բացի բողոքներ չեն եղած, որու համար Արամ Սրբազանը իրաւունք ունի յառաջիկային պատրիարքի տեղապահի ընտրութիւններուն մասնակցելու։

Տեղապահի ընտրութենէն յետոյ փոխպատրիարք կոչուող պաշտօնը պատմութեան գիրկը պիտի անցնի։ Այս մասին Վեհափառի մօտ խոստացած է Արամ Սրբազանը»,–ըսած է Մաշալեան։

Անդրադառնալով տեղապահի թեկնածուի հետ կապուած հարցին, եպիսկոպոս Մաշալեան նշած է, թէ ամենայարմար թեկնածուն Գերմանիոյ հայոց թեմի առաջնորդ արք. Գարեգին Պէքճեանն է։

Նշենք, որ Էջմիածինի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման աւարտին համաձայնութիւն ձեռք բերուած է Կ. Պոլսոյ Պատրիարքութեան առկայ հարցերու շուրջ։ Պոլսոյ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ արք. Արամ Աթէշեանը պարտականութիւնները պիտի կատարէ մինչեւ 15 մարտ։ Այնուհետ պիտի ընտրուի Տեղապահ, որու ղեկավարութեամբ պիտի պատրաստուին պատրիարքի ընտրութիւններուն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment