Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նիկոլ Փաշինեան «Մարտի 1-ին Տեղի Ունեցածի Մեղաւորները Երկուքն են»

Նիկոլ Փաշինեան «Մարտի 1-ին Տեղի Ունեցածի Մեղաւորները Երկուքն են»

by MassisPost

Միասնիկեան հրապարակին վրայ 1 մարտ 2008-ին զոհուածներու յիշատակին ծաղիկներ խոնարհող ընդդիմադիրները  միաբերան կը պնդէին, որ տասը սպանութիւններու բացայայտումը անհնար կը մնայ, քանի որ երկրի մէջ դեռ իշխանափոխութիւն տեղի չէ ունեցած։

2008 թուականի յետընտրական ընդդիմադիր շարժման առաջնորդներէն, այժմ «Ելք» դաշինքի անդամ Նիկոլ Փաշինեանի խօսքով արդար քննութեան պարագային մեղադրեալի աթոռին կը յայտնուին այսօրուան իշխանութեան ամենաբարձր ներկայացուցիչները։

«Տեղի ունեցածի գլխաւոր մեղաւորները երկուսն են՝ 2008 թուականին նախագահի պաշտօնը զբաղեցնող Ռոպերթ Քոչարեանը եւ վարչապետի պաշտօնը զբաղեցնող Սերժ Սարգսեանը: Իսկ կոնկրետ իրականացնողները չեն բացայայտուել, կարծում եմ՝ այն պատճառով, որ նրանց բացայայտումը շղթայաբար պրոցէսը կը հասցնի նշուած անձանց», – նշած է Փաշինեան:

9 տարի առաջ տեղի ունեցած արիւնալի դէպքերէն ետք զանգուածային անկարգութիւններ կազմակերպելու մեղադրանքով ազատազրկման դատապարտուած Փաշինեանի համոզմամբ, ո՛չ Ազատութեան հրապարակին վրայ եւ ո՛չ ալ Ալեքսանտր Միասնիկեանի արձանին յարող հրապարակին՝ ընդդիմադիրներն ու ցուցարարները զինուած չեն եղած։

«Չնայած՝ յիշում եք, հենց յաջորդ օրը Ռոպերթ Քոչարեանն ասում էր՝ ամէն ինչ նկարահանուած է, ցոյց կտանք․․․ ես համոզուած եմ, որ ամէն ինչ նկարահանուած է, բայց այդ նկարահանումները մենք մինչեւ հիմա չենք տեսել: Կարծում եմ՝ դա գործի շատ կարեւոր մասն է», – մեկնաբանած է Փաշինեան:

Միասնիկեանի արձանի մօտ ծաղիկներ խոնարհելու եկած՝ 2008-ի ընդդիմադիր շարժման մէկ այլ առաջնորդ, այժմ կրկին «Ելք» դաշինքը ներկայացնող Արամ Սարգսեանի համոզմամբ ալ, ընդդիմութիւնը այն ժամանակ ամէն ինչ ըրած է բախումներ թոյլ չտալու համար։

«Իմ կեանքում բազմաթիւ դէպքեր կան, որոնց պարագայում, եթէ կրկնուէին, ես ուրիշ կերպ կը վարուէի: Մարտի 1-ը այդ դէպքերից չէ, եւ ես չեմ ամաչում այդ օրերին իմ պահուածքի համար, մնացել եմ մինչեւ վերջին մարդը, արել եմ ամէն ինչ, որ զոհերի թիւը քիչ լինի, արել եմ ամէն ինչ, որ քաղաքին՝ Երեւանին, քիչ վնաս պատճառուի», – նշած է Սարգսեան:

Հանրապետական կուսակցութեան իշխանութեան օրօք 1 Մարտի գործի քննութեան մէջ էական առաջընթաց չակնկալէր նաեւ  աւելի վաղ Միասնիկեանի հրապարակին վրայ ծաղկեպսակ դրած Ազատ դեմոկրատներ կուսակցութեան առաջնորդը։ Խաչատուր Քոքոպէլեանը, սակայն, սպանութիւններու չբացայայտուելուն մէջ մեղաւոր կը  համարէ նաեւ ընդդիմադիրները՝ «այն առումով, որ մենք չենք կարողացել ստեղծել այնպիսի երկիր՝ ժողովրդավարութեան իմաստով, արդարադատութեան իմաստով, որտեղ իրական մեղաւորները կանգնեն դատարանի առաջ»:

Ազատ դեմոկրատներից պատգամաւորի թեկնածու առաջադրուած քաղաքագէտ Ստեփան Սաֆարեանի խօսքով 2008 թուականի մարտ մէկը՝ պետականութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւն է, որու չբացայայտուիլը տարիներ շարունակ տուած է իր ազդեցութիւնը։

«Հետեւանքները ակնյայտ են՝ դրանք եղել են իշխանութեան լեգիտիմութեան խայտառակ պակասը, որոնք օգտագործուել են արտաքին ճակատում եւ մեծ ճնշումների դաշտ են բացել Հայաստանի վրայ», – նշած է Սաֆարեան:

2008 թուականի մարտի մէկէն ետք նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ դաշինք կազմած «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան անդամները  նոյնպէս յարգանքի տուրք մատուցեցին զոհերու յիշատակին։ ԲՀԿ խմբակցութեան ղեկավար Նաիրա Զոհրապեանը չէ պատասխանած այն հարցին, թէ արդեօ՞ք սպանութիւններու բացայայտման հարցը քննարկած են երբեմնի դաշնակից գործընկեր հանրապետականներու հետ։

«Կոալիցիոն գործընկերների հետ խօսել ենք, թէ չէ՝ ես կարծում եմ այս հարցը «Բարգաւաճ Հայաստանի» եւ բոլոր քաղաքական ուժերի օրակարգում կայ այնքան ժամանակ, քանի դեռ մեր հանրութեան եւ նաեւ զոհերի հարազատների մօտ կայ մէկ հարց՝ ինչո՞ւ մեր երկրում հնարաւոր եղաւ նման ողբերգութիւն», – նշած է Զոհրապեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment