Լրացաւ «Մարտի 1-ի» 9-րդ տարելիցը երբ, Քոչարեանի բռնապետական իշխանութեան մայրամուտին, բանակը հանուեցաւ ժողովուրդի դէմ, որ տասնեակ հազարներով դուրս եկած էր բողոքելու` հերթական կեղծուած նախագահական ընտրութիւններու արդիւնքներուն դէմ:
Իշխանութիւններուն կողմէ կազմակերպուած սպանդի հետեւանքով, Երեւանի փողոցներուն վրայ հոսած արիւնը խլեց 10 անմեղ քաղաքացիներու կեանքը:
Այդ իրադարձութիւններէն 9 տարիներ ետք, տակաւին մութ կը պահուին դէպքերու ծալքերը ու գործուած ոճիրներու պատասխանատուները կը մնան անպատիժ:
Մարտ 1-ի դէպքերը դարձան ծանր բեռ մը, որուն տակ կը կքի երկիրը մինչեւ օրս: Այդ թուականէն ասդին Հայաստան կապրի անկումի շրջան մը` քայքայուած տնտեսութիւն, համատարած աղքատութիւն, արտագաղթ, հասարակութեան եւ իշխանութեան միջեւ խզում: Այս բոլոր տագնապները յաղթահարելու անկարող` իշխող Հանրապետական կուսակցութիւնը կը ձգտի դարձեալ իր ձեռքերուն մէջ պահելու երկրի ղեկը ու այդ նպատակին հասնելու համար կ’օգտագործէ իր զինանոցին մէջ գտնուող ու իր տրամադրութեան տակ եղող` ժողովուրդի ճնշման ու զեղծարարութեան բոլոր միջոցները:
Իշխանութեան կը ձգտին նաեւ այդ օրերուն Քոչարեանի կողքին եղող արտաքին գործոց նախկին նախարար Վարդան Օսկանեանն ու բանակի գլխաւոր շտապի պետ` Սէյրան Օհանեանը: Այս երկու գործիչները, դաշինք կազմած, կը մասնակցին Ապրիլ 2-ին տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն: Սակայն, Մարտի 1-ի իրադարձութիւնները բաւական ծանր բեռ դարձած են նաեւ անոնց համար: Ամէն քայլափոխի, լրագրողները հարցեր կ’ուղղեն այս երկուքին, Մարտ 1-ի դէպքերուն օրը անոնց ունեցած մասնակցութեան ու դերակատարութեան մասին: Օսկանեանն ու Օհանեանը թէեւ կը փորձեն իրենց մասնակցութիւնը լուսանցքային ներկայացնելու, սակայն ժողովուրդի յիշողութիւնը այդքան ալ կարճ չէ:
Շատ մը քաղաքական մեկնաբաններու կարծիքով, այս դաշինքի ետին կանգնած է Ռոբերդ Քոչարեանը: Նոյնիսկ Ռաֆֆի Յովհանիսեանի մասնակցութիւնը նոյն այդ դաշինքին, չապահովագրէր` խուսափելու «Քոչարեանի դաշինք» պիտակէն:
Մարտ 1-էն 9 տարիներ ետք, Հայաստանը պէտք ունի նոր իշխանութեան, Մարտի 1-ի ծանր բեռէն դուրս գալու համար:
«ՄԱՍԻՍ»