Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստան–Եւրոպական Միութիւն Նոր Քաղաքական Համաձայնագիր

Հայաստան–Եւրոպական Միութիւն Նոր Քաղաքական Համաձայնագիր

by MassisPost

Եւրոմիութեան հետ Ասոցացման համաձայնագիրի ձախողումէն երեք տարի անց Հայաստանն ու Եւրոմիութիւնը երէկ համաձայնութեան եկած են նոր քաղաքական համաձայնագիրի շուրջ:

Փաստաթուղթի շուրջ բանակցութիւնները աւարտած են եւ այն կ’արտայայտէ Հայաստան-ԵՄ յարաբերութիւններու իրական ընդգրկումն ու խորութիւնը: Այս մասին գոհունակութեամբ յայտարարած է նախագահ Սերժ Սարգսեան Պրիւքսէլի Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Տոնալտ Թուսքի հետ հանդիպման յաջորդած ասուլիսին:

Երեւանն ու Պրիւքսէլը այսպիսով կը փորձեն վերակառուցել յարաբերութիւնները, որոնք ինչ-որ չափով խզուած էին  3 սեպտեմբեր 2013 թուականին, երբ Մոսկուայի մէջ Ռուսաստանի նախագահի հետ հանդիպումէն ետք Սերժ Սարգսեանն անակնկալ յայտարարեց, որ Հայաստանը մտադիր է անդամակցիլ Մաքսային իսկ յետոյ նաեւ Եւրասիական միութեան։ Այդ յայտարարութեամբ Հայաստանի ղեկավարը, ըստ էութեան, հրաժարեցաւ Եւրոմիութեան հետ աւելի քան երեք տարի տեւած բանակցութիւններէն ետք սպասուող Ասոցացման համաձայնագիրի կնքումէն։

Չնայած անոր՝ Ռուսաստանի գլխաւորած տնտեսական դաշինքի անդամ Հայաստանը յայտարարած է, թէ կը ցանկայ շարունակել Եւրոմիութեան հետ երկխօսութիւնը քաղաքական եւ առեւտրային ոլորտներու մէջ։

Ընդհանուր առմամբ նախորդ երկու տարիները, նախագահ Սարգսեանի գնահատմամբ, ՀՀ-ԵՄ համագործակցութեան տեսանկիւնէ առանձնացած են աշխուժութեամբ,զգալիօրէն աքթիւացած է քաղաքական երկխօսութիւնը, ընդլայնուած է համագործակցութիւնը տարբեր ոլորտներու մէջ:

Սարգսեանի խօսքով՝ Տոնալտ Թուսքի հետ քննարկած են նաեւ Հայաստան-ԵՄ օրակարգի այլ հարցեր, այդ շարքին՝ տարածաշրջանային եւ միջազգային զարգացումները:

Հայաստանի նախագահը Պելճիքայի մայրաքաղաք ժամանած է եռօրեայ աշխատանքային այցով. Եւրոխորհուրդի նախագահի հետ հանդիպումէն բացի կը նախատեսուին նաեւ շարք մը հանդիպումներ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ՝ Եւրոյանձնաժողովի նախագահի, Եւրոխորհրդարանի նախագահի, ՆԱԹՕ-ի բարձրաստիճան ղեկավարութեան եւ Եւրամիութեան դիւանագիտութեան ղեկավարի հետ։

«Հայաստանը, որու անկախութեանը, ինքնիշխանութեանն ու տարածքային ամբողջականութեանը մենք կ’աջակցինք, կարեւոր գործընկեր է Եւրոպական միութեան համար», – յայտարարած է Եւրոխորհուրդի նախագահ Տոնալտ Թուսք:

Անդրադառնալով Եւրոմիութիւն – Հայաստան համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրին՝ Թուսքը նշած է․ – «Այսօր գոհունակութեամբ կրնանք յայտարարել, որ աւարտած ենք համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան նոր համաձայնագիրի շուրջ Եւրոմիութիւն – Հայաստան բանակցութիւնները: Այս նոր համաձայնագիրը պիտի ընդլայնէ մեր յարաբերութիւններու շրջանակը՝ հաշուի առնելով մեր նոր, ընդհանուր աշխարհաքաղաքական շահերը եւ այն մարտահրաւէրները, որոնց կ’առերեսուինք միասին»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment