Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆ Թուրքիոյ Մէջ Հակահայ Գործիչը Կոչ Կ’ընէ Վերահսկողութեան Տակ Առնել Թուրքիոյ Հայկական Հիմնադրամներու Գումարները

Թուրքիոյ Մէջ Հակահայ Գործիչը Կոչ Կ’ընէ Վերահսկողութեան Տակ Առնել Թուրքիոյ Հայկական Հիմնադրամներու Գումարները

by MassisPost

Թուրքիոյ մէջ գործող, «Հայերու անհիմն պնդումներու դէմ պայքարի» միութեան գլխաւոր նախագահ Կիոքսէլ Կիւլպէյ կոչ ըրած է վերահսկման տակ առնել Թուրքիոյ հայկական միութիւններու եւ հիմնադրամներու եկամուտները եւ գիտնալ, թէ ուր կ’ուղղուին այդ գումարները:

Նշենք, որ Թուրքիոյ մէջ կը գործէ 57 հայկական հիմնադրամ, որոնցմէ 52-ը՝ Պոլսոյ մէջ:

Ինչպէս կը յայտնէ թրքական «haberler.com» կայքը, Կիւլպէյ նշած է, որ Թուրքիան ուշադիր պէտք է ըլլայ այս միութիւններու գործունէութեան նկատմամբ: Ան մեղադրած է որոշ հայկական միութիւններ Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական համարուող PKK-ին աջակցութիւն ցուցաբերելու մէջ:

Ան շեշտած է նաեւ, որ հայկական միութիւններու մեծ մասի գրասենեակները կը գտնուին Պոլսոյ Թաքսիմ հրապարակի մօտակայքը եւ որ հայերը աջակցած են 2013-ին այնտեղ գտնուող Կէզի զբօսայգիի պահպանութեան ուղղուած հակակառավարական ցոյցերուն:

Կիւլպէյ նշած է, որ 16 փետրուարին Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի ընտրութիւններու հետ կապուած համայնքային արտահերթ ժողովի ժամանակ հայկական միութիւններու ու հիմնադրամներու ղեկավարները դիտաւորեալ փորձած են ստիպել հրաժարական տալ պատրիարքի փոխանորդ Արամ Աթէշեանին, քանի որ բարկացած են անոր վրայ Պունտէսթակի՝ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ դատապարտող օրինագիծի ընդունումէն ետք Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանին յղած նամակին համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment