Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախի Հանրաքուէի Դիտորդներու Անունները Պաքուի «Սեւ» Ցուցակին Անցած են

Արցախի Հանրաքուէի Դիտորդներու Անունները Պաքուի «Սեւ» Ցուցակին Անցած են

by MassisPost

Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց նախարարութիւնը անցանկալի անձանց ցանկին մէջ պիտի ընդգրկէ բոլոր անոնց, ովքեր դիտորդական աշխատանք կը կատարեն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցող սահմանադրական հանրաքուէի ժամանակ: Այս մասին լրագրողներուն ըսած է Ազրպէյճանի ԱԳ նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար  Հիքմէթ Հաճիեւ: Այս ամսին կը գրէ ԹԱՍՍ լրատուական գործակալութիւնը:

«Որպէսզի արդարացնէ իր ապօրինի գործողութիւնները, Հայաստան կազմակերպած է խումբ մը մարդոց անհատական ուղեւորութիւն դէպի գրաւուած տարածք: Այս նախաձեռնութիւնը ինքնագործունէութիւն է, ինչը կրնայ կոչուիլ զբօսաշրջային այց: Առաջնային քննութիւնը հիմք կու տայ ըսելու, որ անոնց մեծ մասին անունները արդէն ներառուած են Ազրպէյճանի անցանկալի անձանց ցանկին մէջ: Մնացածներու անունները պիտի ճշգրտուին, եւ անոնք նոյնպէս պիտի անցնին ցուցակին», – ըսած է Հաճիեւ:

Ըստ անոր, «ոչ մէկ միջազգային կազմակերպութիւն եւ պետութիւն պատուիրակութիւններ չէ ուղարկած՝ դիտորդական առաքելութիւն ծաւալելու համար»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment