Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Թալիշները Ստիպողաբար Ուղարկուած են Առաջնագիծ՝ Մսաղաց. Ատրպէյճանէն ՀՀ Տեղափոխուած Շահին Միրզոեւ

Թալիշները Ստիպողաբար Ուղարկուած են Առաջնագիծ՝ Մսաղաց. Ատրպէյճանէն ՀՀ Տեղափոխուած Շահին Միրզոեւ

by MassisPost

Ատրպէյճանէն վերջերս Հայաստան տեղափոխուած, Թալիշական ազգային շարժման ներկայացուցիչ Շահին Միրզոեւ նշեց, թէ ատրպէյճանական բանակի առաջնագիծին վրայ կը ծառայեն մեծ մասամբ ազգային փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներ, որոնք կը կազմեն ծառայող զինուորներու 70-80 տոկոսը:

«Թալիշները կը ծառայեն առաջնագիծի վրայ։ Անոնց բանակ կը տանին, կարելի է ըսել, ստիպողաբար ու կ’ուղարկեն առաջնագիծ, մսաղաց։ Այս է պատճառը, որ սպանուածներու շարքին, անուններէն կրնաք տեսնել, որ մեծ մասամբ թալիշներն են, թաթերը, ուտիները»,- ըսաւ Շահին Միրզոեւ։

Ըստ անոր՝ բանակի միայն 20-30 տոկոսն են  «տեղացիներ»ը, որոնք «իրենց թուրքեր կը կոչեն»։

«Բայց անոնք առաջնագիծի վրայ չեն, խոհարարներ են, պահեստներուն մէջ կը ծառայեն եւայլն»,- ըսաւ Շահին Միրզոեւ։

Այն հարցին, թէ՝ եթէ ստիպողաբար բանակ կ’երթան, չե՞ն կրնար հրաժարիլ ծառայութենէն, Շահին Միրզոեւ պատասխանեց, որ այդ ուղղակիօրէն կը վտանգէ անոնց ու անոնց ընտանիքներու կեանքը։ «Անոնց առնուազն կը բանտարկեն, ու բացի այդ՝ կը տուժէ անոնց ամբողջ ընտանիքը։ Ես հիմա Հայաստան եմ, 92-ամեայ հայրս այնտեղ է ու անոր ստիպած են, որ հրաժարի ինձմէ։ Ան նոյնիսկ չի  հասկնար, թէ ինչ կը կատարուի, ծեր է, բայց անոր ստիպած են հրաժարիլ ինձմէ»,- բացատրեց Շահին Միրզոեւ։

Ան նշեց, որ Հայաստանի մէջ ինքն ու իր ընտանիքի անդամները իրենք իրենց լաւ կը զգան։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment