Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ Միօրեայ Բացառիկ Սեմինար Նուիրուած Հերոսական Հաճընին

Միօրեայ Բացառիկ Սեմինար Նուիրուած Հերոսական Հաճընին

by MassisPost

Անցնող շաբաթավերջին` Շաբաթ 11 Փետրուար, 2017, յատկանշական միջոցառում մը տեղի ունեցաւ, Արարատ Տան Տէօքմէճեան հանդիսասրահին մէջ, նուիրուած պատմական Կիլիկիոյ Հաճըն աւանին:

Միօրեայ սոյն միջոցառումը կազմակերպուած էր «Արարատ-Էսքիճեան» թանգարանի, Գալիֆորնիոյ Նորթրիճ համալսարանի Հայկական Ամպիոնի եւ Հայկական Ուսումնասիրութիւններու ու Հետազօտութիւններու Ազգային Հիմնարկի (NAASR) կողմէ:

Սոյն հաւաքի հանդիսավարութիւնն ստանձնած էին փրոֆ. Վահրամ Շամմասեան եւ Դոկտ. Յասմիկ Պարան:

Շուրջ 200 հոգիներէ բաղկացած մտաւորականներու եւ հաճընցիական ծագում ունեցող հասարակութիւն մը` հանդիսավայրի ճեմասրահին մէջ, ծանօթացաւ նաեւ հոն ցուցադրուած տասնեակ մը հայկական գորգերու եւ կենցաղային մետաղեայ անօթներու, որոնք մեծ մասամբ բերուած էին Կիլիկիայէն եւ Հաճընէն եւ տրամադրուած «Արարատ-Էսքիճեան» թանգարանին կողմէ: Այս առթիւ վաճառքի դրուած էին նաեւ հայագիտական նիւթերով բազմաթիւ հրատարակութիւններ:

Hadjin-1Օրուան առաջին եւ միակ հայախօս զեկուցաբերն էր յատկապէս Լիբանանէն ժամանած, Պէյրութի Հայկազեան Համալսարանի դասախօսներէն եւ հայկական սփիւռքի Հետազօտութեան Կեդրոնի վարիչ Դոկտ. Անդրանիկ Տաքէսեան: Ան հանգամանօրէն ներկայացուց Հաճընի ծագումը եւ տեղեկութիւններ տուաւ անոր պատմական, աշխարհագրական, տնտեսական, կենցաղային, մշակութային, կրօնական եւ տնտեսական երեսները: Անդրադարձաւ նաեւ Կիլիկիոյ աղէտին ցեղասպանութեան, Հաճնոյ գոյամարտին, գաղթականութեան, տեղահանութեան, վերադարձին, Պէյրութի Նոր Հաճըն թաղին, Հայաստանի Հաճըն աւանին ու անոնց կառոյցներուն:

Ինտիանայի Պեթիլ գոլէճի գրադարանի վարիչ Քէվին Պլօվէրզ, իր ելոյթին մէջ տուաւ շահեկան լուսաբանութիւններ 1898 թուականէն ի վեր ամերիկեան որբախնամներու Կազմակերպութեան Մարդասիրական առաքելութեանց եւ նպաստներուն մասին, որոնք վերջ գտած են Հաճնոյ մէջ 1920 թուականին:

Հետաքրքրական տեղեկութիւններով հանդէս եկաւ Հաճնոյ Մանչերու Որբանոցի ծաւալուն աշխատանքներու մասին նախկին օդաչու Փոլ Հուվըր:

Հաճընցի որբերու արհեստագիտական գործիքներուն մասին շահեկան զեկոյց մը տուաւ Հրաչ Կէօզիւպէօյիւքեանը: Ան առանձնապէս թուեց գորգագործութեան մէջ որբերու ունեցած շնորհալի աշխատանքները: Արդարեւ Հաճընի որբանոցին մէջ պատրաստուած որբուհիի մը կիսաւարտ բայց թանկարժէք մէկ գորգ մը վերջերս յայտնաբերուած է Միշաուաքայի (Ինտիանա) Բեթել գոլէճի գրադարանի գետնայարկին մէջ եւ ցուցադրութեան համար փոխ տուած է Արարատ-Էսքիճեան թանգարանին:

hadjin-5Ճաշի դադարէն ետք` յետ միջօրէի առաջին ելոյթ ունեցողներն եղան մայր եւ դուստր Արաքսի Գօփուշեանն ու Լորի Թաթուլեանը: Անոնք հասարակութեան ներկայացան թատերա-յուշապատումներով: «Զարթիր Որդեակ» զուգերգէն ետք Արաքսի Թաթուլեան պատմեց Մեծ Եղեռնէն հրաշքով ազատած իր հօր Շիւքրի Գօփուշեանի ոդիսականի, իսկ Լոռին նմանապէս իր հօրենական մեծ մօր` Ակիւլինէ Թաթուլեանի Հաճնոյ հերոսամարտի օրերուն կեանքի դժուարութիւններուն եւ կրած մարտահրաւէրներուն մասին: Անոնք միասնաբար երգեցին հաճընցիներու քայլերգը «Օդանաւ եկաւ»  նաեւ դրուագներ պատմեցին Հաճնոյ բարբառով:

«Անի» Հայկական Ազգայն Հիմնարկի տնօրէն Դոկտ. Ռուբէն Ատալեան, ուշագրաւ ելոյթ մը ունեցաւ Հաճնոյ կրթա-դաստիարակչական գործընթացին, մանկավարժական հաստատութիւններուն եւ անոնց ձգած հարուստ ժառանգութեան, տեղւոյն բնակչութեան ու ցեղասպանութենէն վերապրած սերունդին վրայ:

Դոկտ. Ժօրժ Գուշեան անդրադարձաւ իր հօր գրած կենսագրութեան ու յատկապէս օրագրութեան վրայ: Արդարեւ իր հայրը` Եղեռնի արհաւիրքներուն ականատես դառնալէ ետք ձերբակալուած էր 1915ին Սուրիոյ մէջ Օսմանեան կառավարութեան կողմէ, ապա մազապուրծ ազատուելով իր վերջնական հանգրուանը գտած էր Միացեալ Նահանգներու մէջ: Արդարեւ, օրը օրին գրուած ուշագրաւ օրագրութիւն մըն էր:

hadjin-3Ներկաները մեծ հետաքրքրութեամբ դիտեցին Դոկտ. Քէյ Մուրատեանի «Մօրս Ձայնը»  (My Mother’s Voice) ֆիլմը, որ պատրաստուած էր նոյն անունը կրող վէպի հիման վրայ:

Սոյն ֆիլմը կսկծալի պատմութիւնն է 14 ամեայ հաճընցի Ֆլօրա Մանուշեանի: Արդարեւ, Ֆլօրայի ձայնը` համահունչ է այն բոլոր վերապրողներու ձայնին, որոնք ապրած են Հայոց Ցեղասպանութեան արհաւիրքը: Կ’արժէ այստեղ նշել որ «Մօրս Ձայնը»  ֆիլմն արժանացած է Թորոնթոյի մէջ կայացած Շարժապատկերի փառատօնի պատուոյ մրցանակին որպէս լաւագոյն վաւերագրական ֆիլմ: Ան ցուցադրուած էր նաեւ Լոս Անճելոսի մէջ ARPA Film Festival-ին:

Ցերեկոյթն աւարտեցաւ յատկանշական համերգով մը, մասնակցութեամբ ԱՄՆ-ի տաղանդաշատ արուեստագէտներ Դոկտ. Վաչէ Մանկրեանի (երաժշտութեան մեկնաբանութիւն եւ դաշնամուր) եւ Դոկտ. Կարինէ Աւագեան (երգ): Գեղարուեստական բարձր կատարումով եւ ինքնուրոյն մեկնաբանութեամբ ներկաներն ունկնդրեցին Կիլիկիոյ շրջանի յատուկ երգերէն «Կիլիկիա» եւ «Ատանայի Ողբը», ինչպէս նաեւ «Օդանաւ Եկաւ», «Հաճընցի քաջ պատանի», Կոմիտասի  «Ձայն տուր ով ծովակ» եւ Ալեքսի Հեքիմեանի «Հայաստան» երգերը:

Կը շնորհաւորենք Լորանս եւ Տօրօթի Աւագեաններու յիշատակին ձօնուած սոյն միօրեայ հաւաքը նախաձեռնողները, մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ:

Գ. ՄՈԼՈՅԵԱՆ

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment