Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Amnesty International Դատապարտած է Լափշինի Արտայանձնումը, Պահանջած Ազատ Արձակել Անոր

Amnesty International Դատապարտած է Լափշինի Արտայանձնումը, Պահանջած Ազատ Արձակել Անոր

by MassisPost

Amnesty International իրաւապաշտպան կազմակերպութեան անցեալ շաբաթավերջին տարածած հաղորդագրութեամբ դատապարտած է Ալեքսանտր Լափշինի արտայանձնումը եւ պահանջած է անյապաղ ազատ արձակել անոր:

Միջազգային հեղինակաւոր կազմակերպութիւնը ընդգծած է, որ յայտնի բլոգերին Ատրպէյճանի մէջ կը սպառնան խոշտանգումներ, վատ վերաբերմունք եւ անարդար դատավարութիւն, եւ համոզմունք յայտնած է, որ քրէական հետապնդումը անոր դէմ պէտք է դադրի:

Նշելով, որ Լափշին կալանաւորուած է Պելառուսիա անցեալ տարուան դեկտեմբեր 15-ին՝ Ատրպէյճանի պահանջով, եւ որ անոր դէմ ատրպէյճանական իշխանութիւնները գործ յարուցած են քրէական օրէնսգրքի երկու յօդուածներու յատկանիշներով՝ «պետութեան դէմ հրապարակային կոչեր» եւ «սահմանի ապօրինի հատում», 2011 եւ 2012 թուականներուն Լեռնային Ղարաբաղ կատարած այցերու համար, իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը նկատած է. «Amnesty International տեղեակ չէ Լեռնային Ղարաբաղ առանց իրենց թոյլտուութեան այցելելու համար անձանց դէմ ատրպէյճանական իշխանութիւններու կողմէ եղած արտայանձնման դիմումներու այլ դէպքերու: Այդուհանդերձ, կան բազմաթիւ անհատներ, որոնք այցելած են այդ տարածք առանց ատրպէյճանական իշխանութիւններու թոյլտուութեան եւ յայտնուած են Ատրպէյճանի «սեւ ցուցակին մէջ»:

Միջազգային հեղինակաւոր կազմակերպութիւնը համոզմունք յայտնած է, որ բլոգերի արտայանձնումը եւ անոր առաջադրուած մեղադրանքները կապուած են առաջին հերթին անոր հրապարակումներուն հետ:

Amnesty International շեշտած է նաեւ, որ արտայանձնելով Լափշինին՝ Պելառուս իշխանութիւնները խախտած են մարդու իրաւունքներու միջազգային օրէնսդրութեամբ սահմանուած իրենց պարտաւորութիւնները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment