Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փանամայի Մէջ Ձերբակալուած են Խայտառակ Mossack Fonseca-ի Երկու Հիմնադիրները

Փանամայի Մէջ Ձերբակալուած են Խայտառակ Mossack Fonseca-ի Երկու Հիմնադիրները

by MassisPost

Փանամայի իրաւապահ մարմինները նախօրէին ձերբակալած են օֆշորային ընկերութիւններու գրանցմամբ զբաղող Mossack Fonseca իրաւաբանական ընկերութեան երկու հիմնադիրները: Reuters լրատուական գործակալութիւնը, յղում ընելով Փանամայի դատախազութեանը, փոխանցած է, որ ընկերութեան հիմնադիրներ Ռամոն Ֆոնսեկա եւ Եուրգէն Մոս  կը  մեղադրուին  կաշառակերութեան եւ փողերու լուացման   գործերու  մէջ  առնչութիւն ունենալու մէջ:

Mossack Fonseca-ի անունը յայտնի դարձաւ շուրջ մէկ տարի առաջ, երբ ընկերութենէն միլիոնաւոր փաստաթուղթերու արտահոսքը հիմք հանդիսացաւ «Փանամական փաստաթղթեր» անունը ստացած միջազգային հետաքննութեան համար: Պարզուեցաւ, որ Mossack Fonseca-ի հետ կապուած են բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, այդ կարգին՝ 12 երկրի ղեկավարներ, անոնցմէ արծարծուած էին Ռուսիոյ ու Ատրպէյճանի նախագահներուն անունները: Հայաստանէն օֆշորային խայտառակութեան կիզակէտին մէջ յայտնուեցաւ Դատական գործերու հարկադիր կատարման (ԴԱՀԿ) ծառայութեան այժմ նախկին ղեկավար Միհրան Պողօսեան:

Հայաստանէն միջազգային հետաքննութեան մասնակցած «Հետք» պարբերականը գրած էր, որ ԴԱՀԿ ծառայութեան ղեկավարի պաշտօնը զբաղեցնող Պողօսեան բաժնետէր է Փանամա գրանցուած երեք ընկերութիւններու, որոնցմէ երկուքը կը հանդիսանան Հայաստան գրանցուած «Պեսթ ռեալթի» ՍՊԸ-ի բաժնետէրերը, իսկ այդ ընկերութիւնը իրականացուցած էր անշարժ ու շարժական գոյքի գնահատում Պողօսեանի գլխաւորած ԴԱՀԿ-ի համար: Հետաքննութիւնը պարզած էր նաեւ, որ Հայաստանի գլխաւոր հարկադիր կատարողին պատկանող ընկերութիւնները հաշուեհամար բացած են զուիցերական դրամատուներէն մէկուն մէջ:

Պողօսեան հերքեց օֆշորային ապօրինի գործունէութեան առնչութիւն ունենալու մեղադրանքները, երբ հայաստանցի մեծահարուստ պաշտօնեայի անյայտ ծագման ունեցուածքի մասին փաստացի ապացոյցներ հրապարակուեցան, Պողօոսեան ութ տարի պաշտօնավարումէն յետոյ հրաժարական տուաւ՝ յայտարարելով, թէ կը ցաւի, որ իր անունը նոյն փաստաթուղթերուն մէջ յայտնուած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի ընտանիքի կողքին։

Մէկ ամիս անց քրէական գործ յարուցուեցաւ Քրէական օրէնսգրքի 310-րդ յօդուածի յատկանիշներով` «ձեռնարկատիրական գործունէութեան ապօրինի մասնակցիլը», իսկ յարուցումէն շուրջ ութ ամիս անց Յատուկ քննչական ծառայութիւնը տեղեկացուց, որ Պողօսեանի վերաբերեալ գործը կարճուած է, քանի որ ապօրինի ձեռնարկատիրական գործունէութեան մասնակից ըլլալու հանգամանքը է հիմնաւորուած:

Վարջերս, յայտնի դարձաւ, որ ԴԱՀԿ նախկին ղեկավարը յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն իշխող Հանրապետականի տարածքային ցուցակով պիտի առաջադրուի Երեւանի թիւ 1 ընտրատարածքին մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment