Վարչապետ Կարէն Կարապետեան այսօր ընդունած է Հայաստանի Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Միլս:
Ըստ կառավարութեան պաշտօնական կայքէջի, հանդիպման ներկայ էր նաեւ ԱՄՆ Միջազգային զարգացման գործակալութեան (USAID) հայաստանեան գրասենեակի ղեկավար Տեպորա Կրիսեր:
Կողմերը քննարկած են Հայաստանի կառավարութեան հակակաշառակերութեան քաղաքականութեան եւ կաշառակերութեան դէմ պայքարի ուղղութեամբ համագործակցութեան վերաբերող շարք մը հարցեր:
Վարչապետը անդրադարձած է մինչ օրս ՀՀ կառավարութեան նախաձեռնած օրէնսդրական բարեփոխումներուն, ընդունուած որոշումներուն, կաշառակերութեան դէմ պայքարի խորհուրդի կատարած աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ ընելիքներուն:
«Կոռուպցիայի դէմ պայքարին ուղղուած քայլերը յաջողելու եւ հետեւողականութիւն ապահովելու գործում մեծապէս կարեւորում եմ հասարակութեան ակտիւ քաղաքացիական դիրքորոշումը, կառավարութիւն-հասարակութիւն յետադարձ գործուն կապը եւ գործընկեր կառոյցների հետ կառուցողական համագործակցութիւնը: Ցանկանում եմ եւս մէկ անգամ ընդգծել, որ կառավարութիւնը բաց է քննարկումների եւ առաջարկութիւնների համար»,- ըսած է վարչապետը:
Ռիչըրտ Միլս նշած է. «Հայաստանին կաշառակերութեան դէմ պայքարին աջակից ըլլալու Միացեալ Նահանգներու յանձնառութեան վերաբերեալ կասկած չի կրնար ըլլալ: Մենք պատրաստ ենք աշխատիլ Հայաստանի պետական կառոյցներուն հետ, որոնք կաշառակերութեան դէմ պայքարելու իրական կամք կը դրսեւորեն»:
Քննարկուած են նաեւ պաշտօնատար անձանց ապօրինի հարստացման քրէականացման, կաշառակերութեան յանցագործութիւններու քննութեան որակի բարձրացման եւ այլ ուղղութիւններով մշակուած օրէնսդրական նախաձեռնութիւններուն առնչուող հարցեր:
Կարէն Կարապետեան եւ Ռիչըրտ Միլս մտքեր փոխանակած են նաեւ հայ-ամերիկեան տնտեսական համագործակցութեան ուղղութիւններու եւ առաջնահերթութիւններու շուրջ: