Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Ինչպէ՞ս ՀՀԿ-ն Միհրան Պօղոսեանի Հետ Կ’երթայ Ընտրութիւններուն»

«Ինչպէ՞ս ՀՀԿ-ն Միհրան Պօղոսեանի Հետ Կ’երթայ Ընտրութիւններուն»

by MassisPost

Չորեքշաբթի օր ԱԺ-կառավարութիւն հարց-պատասխանի ժամանակ ՀԱԿ խմբակցութեան ղեկավար Լեւոն Զուրապեան՝ նշելով, որ վերջերս վարչապետ Կարէն Կարապետեան հանդիպած է ԵՄ դեսպան Պիոտր Սվիտալսկիի հետ եւ քննարկած կաշառակերութեան դէմ պայքարը, հետաքրքրուեցաւ, թէ ինչպէ՞ս խօսքերը համատեղուած են գործերուն հետ:

Ան պարզաբանեց, որ խօսքը «տխրահռչակ» Միհրան Պօղոսեանի մասին է` յայտնի որպէս «Քեթրինի Միհրան», 2013-ին ԴԱՀԿ-ն մեծ քանակով չինական մեքենաներ գնած էր ԴԱՀԿ պետին պատկանող «Քեթրին կրուփէն», անոր հետեւեցաւ Փանամայի յայտնի խայտառակութիւնը, ապա Միհրան Պօղոսեան ազատեցաւ ԴԱՀԿ պետի պաշտօնէն, իսկ ոստիկանութեան համապատասխան վարչութիւնը քննութիւն սկսաւ:

Արդարադատութեան նախարար Արփինէ Յովհաննիսեան պատասխանեց. «Այսօր ցանկացած իրաւական մարմին որեւէ ձեւով հաշուետու է լինում հանրութեանը` ինչքան սպանութիւն, ինչքան գողութիւն, ինչքան խարդախութիւն է քննուել, եւ այս համատեքստում կորում է կոռուպցիոն յանցագործութիւնների քննութիւնը, եւ աշխատանքի արդիւնաւէտութեան հարց է յառաջանում»:

Զուրապեան նշեց, որ «Թրանսփերւնսի ինթէրնեշնլ» հակակաշառակերութեան կեդրոնը ըսած է, որ նախապէս նմանատիպ կաշառակերութեան դէպքերու, մասնաւորապէս` Տիգրան Սարգսեանի օֆշորային խայտառակութեան, հանդէպ ոչ պատշաճ մօտեցումը հիմք հանդիսացած է Միհրան Պօղոսեանի գործը կարճելու համար:

Կաշառակերութեան ընկալման համաթուի ԹԻ զեկոյցով ՀՀ-ի հետընթացի վերաբերեալ Ա.Յովհաննիսեան նշեց, որ ըստ էութեան այդ նահանջը պայմանաւորած է ոչ այնքան կաշառակերութեան դէմ պայքարի գործողութիւններուն ու անոնց արդիւնաւէտութեան, այլ ան, որ այդ սանդղակին ընգրկուած պետութիւնները իրենց ցուցանիշները բարելաւած են, իսկ բովանդակային առումով, նաեւ ԹԻ-ն հաստատած է , ՀՀ-ի մէջ բացասական ոչ մէկ փոփոխութիւն չկայ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment