Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մերժուած է Պաշտօնեաներու Ունեցուածքով Զբաղող Յանձնաժողով Ստեղծելու Առաջարկը

Մերժուած է Պաշտօնեաներու Ունեցուածքով Զբաղող Յանձնաժողով Ստեղծելու Առաջարկը

by MassisPost

Թէեւ Ազգային Ժողովի 6 խմբակցութենէն 5-ը կողմ էին, որ Նիկոլ Փաշինեանի առաջարկով Բարձրաստիճան պաշտօնեաներու եկամուտներու ու ունեցած գոյքի համապատասխանութիւնը ստուգող ժամանակաւոր յանձնաժողով ստեղծելու հարցը քննարկուի խորհրդարանին մէջ, սակայն որոշումը չընդունուեցաւ իշխող Հանրապետականի ջանքերով:

Մինչ քուէարկութիւնը Փաշինեան ներկայացուց ինչ աշխատանք պէտք է կատարէ այդ յանձնաժողովը, ըսաւ՝ հիմա պաշտօնեաները պարտաւոր են յայտարարագրել իրենց ունեցուածքը, սակայն որեւէ մէկը չի ստուգէր, որքանով յայտարարագրերը կը համապատասխանեն իրականութեան: Բացի այդ՝ յայտարարագրումէն դուրս կը մնան պաշտօնեաներուի հետ փոխկապակցուած անձինք՝ բազմաթիւ հարազատներ ու բարեկամներ, ինչպէս նաեւ անոնց արտասահմանեան գործարքները, օֆշորային ընկերութիւններն ու հաշիւները։

Պատգամաւորը ըսաւ.- «Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդից գողացուածը օրէնքով, միջազգային կոնվենցիաներով, մարդու իրաւունքների սահմանուած եւ համապատասխանող ձեւով պէտք է վերադարձուի ժողովրդին, բայց դա պէտք է տեղի ունենայ առանց վենդետաների, առանց գիլյոտինների, առանց կախաղանների»:

Փաշինեան ընդգծեց՝ իր առաջարկած յանձնաժողովը պէտք է զբաղի ոչ միայն ներկայիս պաշտօնավարող այլեւ անկախ Հայաստանի բոլոր պաշտօնեաներու ունեցուածքով՝ 1991 թուականէն:

ԲՀԿ խմբակցութեան ղեկավար Նաիրա Զօհրապեանն ալ կողմ արտայայտուեցաւ գաղափարին:

Իշխանութեան մաս կազմող Դաշնակցութիւն խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեանի խօսքով՝ իրենք կողմ պիտի քուէարկեն հարցին քննարկման հնարաւորութիւն տալու համար:

Հանրապետական խմբակցութեան ղեկավար Վահրամ Պաղտասարեան ըսաւ. «Մենք չենք ուզում ձեւական որեւէ բնոյթի հետեւից ընկնենք եւ իրօք այս բարելաւումների արդիւնքում մենք սա կը թողնենք․․․ խորհուրդ եմ տալիս, որ թողնենք յաջորդ Ազգային ժողովին, որպէսզի նորից անդրադառնանք այս թեմային: Հայաստանի Հանրապետական խմբակցութիւնը դէմ է նման ձեւական երեւոյթներին եւ մենք դէմ ենք քուէարկելու»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment