Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Լուկաշենկօը Պահանջած է Հնարաւորինս Արագ Ատրպէյճանին Արտայանձնել Ալեքսանդր Լափշինը

Լուկաշենկօը Պահանջած է Հնարաւորինս Արագ Ատրպէյճանին Արտայանձնել Ալեքսանդր Լափշինը

by MassisPost

Պելառուսը հիմքեր չունի Ատրպէյճանին չարտայանձնելու բլոգեր Ալեքսանդր Լապշինը, այս մասին յայտարարած է Պելառուս նախագահ Ալեքսանդր Լուկաշենկօ:

2011-ի ապրիլին եւ 2012-ի հոկտեմբերին Լեռնային Ղարաբաղ այցելած Ալեքսանդր Լափշին մեղադրուած է Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան ոտնահարման հրապարակային կոչեր ընելու եւ երկրի քաղաքական սահմանը հատելու անհրաժեշտ փաստաթղթերու բացակայութեան համար:

Լուկաշենկօ պահանջած է հնարաւորինս արագ արտայանձնել բլոգերին Ատրպէյճանի իրաւապհներուն՝ պնդելով, թէ այդ որոշումը միանգամայն օրինական է: Պելառուս նախագահը վստահութիւն յայտնած, թէ Ռուսիա, Իսրայէլ եւ Ատրպէյճան կը կարենան պայմանաւորուիլ Լափշինի ճակատագրին շուրջ:

Այսօր, Ռուսիոյ ԱԳՆ խօսնակ Մարիա Զախարովա հանդէս եկած էր յայտարարութեամբ, որուն մէջ «անթոյլատրելի» համարած էր Լափշինին Ատրպէյճան արտայանձնումը՝ պնդելով, որ «Ռուսիոյ քաղաքացին չի կրնար փոխանցուիլ երրորդ երկիրներու»:

Աւելի շուտ Լափշինի հնարաւոր արտայանձնումը անթոյլատրելի համարած էր Ռուսիոյ Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Թաթիանա Մոսկալկովա, յորդորելով Ռուսիոյ քաղաքացիներուն արտասահման մեկնելէ առաջ ուսումնասիրել տուեալ երկիրներու օրէնքներն ու չխախտել զանոնք։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment