Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Կարօ Փայլան «Թուրքիա Վճռական է Երթալ Այն Ճանապարհով, որ Պատմութիւնը Նախազգուշացուցած է Չերթալ»

Կարօ Փայլան «Թուրքիա Վճռական է Երթալ Այն Ճանապարհով, որ Պատմութիւնը Նախազգուշացուցած է Չերթալ»

by MassisPost

Թուրքիոյ քրտամետ Ժողովուրդներու Ռամկավար ուսակցութեան անդամ, հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան, որ մեճլիսին մէջ «ցեղասպանութիւն» եզրոյթը կիրառելու համար հեռացուեցաւ նիստի աշխատանքներէն յօդուած գրած է` անդրադառնալով կատարուածին եւ իր ելոյթի նպատակին: Յօդուածը հրապարակուած է «Ակօս» պարբերականին մէջ:

Փայլան պատմած է, որ նախորդ շաբաթ այցելած էր Պեռլին Հրանդ Տինքի յիշատակին նուիրուած միջոցառման մասնակցելու նպատակով: Այցի շրջանակէն ներս ան գացած էր Գերմանիոյ խորհրդարան, ուր ականատես եղած էր Հոլոքոսթի զոհերու յիշատակին նուիրուած միջոցառման:

«Ես հիացած էի: Գերմանիոյ խորհրդարանը յարգանքի տուրք կը մատուցէր ոչ վաղ անցեալին նացիստական կառավարութեան կողմէ իրականացուած մեծ յանցանքի զոհերուն: Իսկ ես, եկած էի ամբողջովին այլ մթնոլորտէ: Երկրէ մը, որ չի կրնար առերեսուիլ երեկուան զուլումի հետ եւ կը շարունակէ այսօրուանը… Ես որպէս հայ պատգամաւոր չեմ կրնար խօսիլ 102 տարի առաջուան մեղքերու մասին, մինչդեռ գերմանացիները` աջակողմեան եւ ձախակողմեան, իշխանական եւ ընդդիմադիր, ձեռք ձեռքի տուած եւ մեծ ինքնավստահութեամբ կ’առերեսուէին իրենց սխալներու հետ: Եւ ոչ ոք չէր մտածեր, որ կը ստորացուի գերմանական ինքնութիւնը»,- գրած է Փայլան:

Խօսելով իր ելոյթի մասին` պատգամաւորը նշած է, որ նպատակ ունէր պատգամաւորներուն մտովի տեղափոխել օսմանեան ժամանակաշրջան, երբ սկսած էին այն ժամանակուան սահմանադրական քննարկումները` ցանկալով յիշեցնել այդ տարիներու սխալները: «Այսօրեայ մեջլիսում քննարկուող սահմանադրական փոփոխութիւններու առաջարկը «Ազգայնական Շարժում» կուսակցութիւնը կ’որակէ որպէս «թուրքի սահմանադրութիւն»: Այդ ինձ կը վախցնէ, քանի որ այն ժամանակ Թալիաթ եւ Էնվէր փաշաները նոյն տրամաբանութեամբ թուրքի սահմանադրութիւնը դրին կիրառութեան մէջ, ուր որոշ քաղաքացիներ առ ոչինչ համարուեցան: «Ցեղասպանութիւն» բառը օգտագործելու համար ինձ պատմութեան մէջ չտեսնուած պատիժի ենթարկեցին»,- նշած է Փայլան:

Ան ընդգծած է, որ իր հիմնական նպատակը ոչ թէ բանավէճ սարքելն էր, այլ յորդորելն էր անցեալէն դաս քաղել եւ նոյն սխալները այլեւս չկրկնել: «Ինձ համար խնդիրը միայն մեճլիսին մէջ խօսքի ազատութեան սահմանափակումը, ընտրուած անձի նկատմամբ անարգանքը կամ «այդ բառը» կիրառել-չկիրառելը չէ: Անոնք իհարկէ կարեւոր են, սակայն հիմնական վախցնողը այն է, որ Թուրքիա վճռական է երթալ այն ճանապարհով, որ պատմութիւնը նախազգուշացուցած է չերթալ»,- նշած է Կարօ Փայլան:

«Այս հողը, որուն 10 տարի առաջ յանձնեցինք Հրանդ Տինքին, այսօր աղաւնիի անհանգստութիւն կ’ապրի: Այդ վախուորածութիւնը անտեղի չէ: Մենք` հայերս, այդ ամենալաւը գիտենք: Այդ պատճառով ձեզ` մեծամասնութեանդ կը դիմեմ` եկէք ետ դառնանք այդ պատմական սխալէն»,- եզրափակած է մեճլիսի հայ պատգամաւորը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment