Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հասարակական Կազմակերպութիւնը «Ստախօսութիւն» Որակած է Սէյրան Օհանեանի Յայտարարութիւնը

Հասարակական Կազմակերպութիւնը «Ստախօսութիւն» Որակած է Սէյրան Օհանեանի Յայտարարութիւնը

by MassisPost

«Պնդել, որ [2008 թուականի] Մարտի 1-ին Զինուած ուժերը ոչ մի դերակատարութիւն չեն ունեցել, ստախօսութիւն է»,- յայտարարած է «Մարտի 1» հասարակական կազմակերպութեան համակարգող Առաքէլ Սէմիրճեան:

Պաշտպանութեան նախկին նախարարը, որ 2008-ին կը ղեկավարէր Զինեալ ուժերու գլխաւոր շտաբը, նախօրէին յայտարարեց, թէ բանակը ներգրաւուած է միայն Մարտ 2-էն՝ ստանձնելով մայրաքաղաքի կարեւոր նպատակներու պաշտպանութեան:

«Պէտք է քաղաքական ազնուութիւն ունենայ մարդը, պատասխանի, որ վիտիօ եւ ֆոէո մաթերիալներ տասնեակ, հարիւրաւոր կան, որ այդ օրը բանակի ստորաբաժանումները եղել են Երեւանում, եւ սահմանից են բերուել»,- ըսաւ Սէմիրճեան, աւելցնելով. «Ոչ մէկը չի հերքել այդ հրապարակումից յետոյ: Նոյնիսկ Պաշտպանութեան նախարարութիւնից մարդ էր ձերբակալուել, ով մէկ-երկու տարի անցկացրել է բանտում իբր գաղտնի հրամանը տարածելու համար: Երկրորդ անհերքելի փաստը, նոյն հարցը ես պարոն Օսկանեանին եմ տուել, որ՝ Դուք հրապարակ իջնելու ժամանակ տեսե՞լ եք զինուորական զօրքեր, թէ՞ չէք տեսել: Հայաստանի բոլոր քաղաքացիները, ովքեր Երեւանում են եղել մարտի 1-ին, տեսել են զինուած ուժերի ներկայութիւնը»:

Որպէս զինուժի ներգրաւման ամենակներեւ փաստ «Մարտի 1» հասարակական կազմակերպութեան համակարգողը յիշատակած է ժամկէտային զինծառայող Տիգրան Աբգարեանի մահուան հանգամանքը:

Սէյրան Օհանեան, 2 Մարտ, 2008-ին հեռուստաուղերձով դիմեց ժողովուրդին՝ զգուշացնելով, որ նոյնիսկ փոքր խումբերով հաւաքուելու պարագային Զինեալ ուժերը միջոցներ պիտի ձեռնարկեն: Ան ընթերցած էր, թէ ինչու Ռոպէրթ Քոչարեան արտակարգ դրութիւն յայտարարած է․«Մայրաքաղաքում երէկ տեղի ունեցած զանգուածային անկարգութիւնների հետեւանքով եւ առաջնորդուելով մեր երկրում կայունութիւնը վերականգնելու եւ մեր քաղաքացիների անվտանգութիւնն ապահովելու հրամայականով․․․»:

Պնդելով, որ խորհրդարանական ժամանակաւոր յանձնաժողովը իր զեկոյցին մէջ լիովին անտեսած էր բանակի մասնակցութեան հարցը՝ նախկին փաստահաւաք խումբի անդամները 2010-ին հրապարակեցին սեփական հաշուետուութիւն՝ յայտարարելով, թէ բազմաթիւ ապացոյցներ կան, պնդելու, որ մինչեւ արտակարգ դրութիւն յայտարարելու մասին հրամանագիրը, զինեալ ուժերու կառավարման մարմիններն ու ստորաբաժանումները արդէն իսկ նախապատրաստուած ու ներգրաւուած էին հետընտրական քաղաքական զարգացումներուն ու նաեւ մարտ 1-ի ցերեկուան ու երեկոյեան իրադարձութիւններուն:

Անդրանիկ Քոչարեան ու Սեդա Սաֆարեան Երեւանի կեդրոնական փողոցներուն մէջ զինուժի տեղակայման օրինակներ բերած էին, ընդգծած, որ 23 փետրուարին բանակի ողջ անձնակազմը բերուած է զօրանոցային վիճակի, ստեղծուած են սպայական խումբեր, որոնց զինած են զէնքերով:

Քաղաքականութիւն մտնելով՝ Սէյրան Օհանեան ըսած է, թէ դէմ չէ, որ իրաւապահ համակարգը ամբողջովին բացայայտէ Մարտ 1-ը: Այդ օրուան տասը զոհերէն Արմէն Ֆարմանեանի հայրը` Վաչական Ֆարմանեան ըսած է․ «Քանի դեռ էս իշխանութիւնը կայ հանրապետութիւնում, երբեք Մարտի 1-ը չի բացայայտուի»:

Ֆարմանեան ըսած է նաեւ․ «Իրանց դէմքը պատռուեց արդէն, թէ իրանք ովքեր են եղել, ինչի համար են իշխանութեան հետ գնացել: Նոյն տիպերն են: Ընդդիմութիւն ա ուզում դառնա՞յ․․․ Չէ: Հաւը բադի ձու չի կարայ ածի»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment