Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Կարէն Կարապետեան. «Ամենալաւ Երկիրը Հայերու Համար Հայաստանն է Լինելու»

Կարէն Կարապետեան. «Ամենալաւ Երկիրը Հայերու Համար Հայաստանն է Լինելու»

by MassisPost

Ռուսիա կատարած պաշտօնական այցի շրջանակէն ներս վարչապետ Կարէն Կարապետեան այցելած է Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանատուն, ուր հանդիպում ունեցած է հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:

Ըստ կառավարութեան պաշտօնական կայքէջին, վարչապետի գլխաւորած պատուիրակութեան անդամներէն բացի, հանդիպման մասնակցած են Նոր Նախիջեւանի եւ Ռուսիոյ Հայոց թեմի առաջնորդը, Ռուսիոյ մէջ ձեռնարկատիրական գործունէութեամբ զբաղող գործարարներ, հայազգի քաղաքական, հասարակական, մշակութային գործիչներ:

Վարչապետը նախ ամփոփած է Ռուսիոյ կառավարութեան ղեկավարի հետ հանդիպման արդիւնքները, մանրամասներ ներկայացուցած ծաւալուած քննարկումներու վերաբերեալ, ապա գոհունակութիւն յայտնած ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն կապակցութեամբ:

Վարչապետը հանդիպման մասնակիցներուն ներկայացուցած է կառավարութեան 100-օրեայ գործունէութեան ամփոփ հաշուետուութիւնը:

Ներկայացնելով երկրի զարգացման տեսլականը՝ կառավարութեան ղեկավարը նշած է չորս հիմնական բաղադրիչը՝ անկախ, անվտանգ, արդար եւ մտաւորական։

«Մարդկային կաբիթալը մեր երկրի գերագոյն արժէքն է»,- ըսած է վարչապետը՝ աւելցնելով, որ կառավարութիւնը աշխատող, մտածող, ստեղծագործող մարդուն համար պիտի ստեղծէ առաւելագոյն արդար ու թափանցիկ պայմաններ:

Անդրադառնալով Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն՝ Կարէն Կարապետեան նշած է. «Մենք պէտք է հասկանանք, որ դրանք մէկ ամբողջի երկու մասերն են: Առաջին հերթին ես կ’ուզէի, որ Հայաստանի ու Սփիւռքի յարաբերութիւնները չկառուցուէին միայն այն մտայնութեան վրայ, որ Հայաստանը հետաքրքրուած է միայն սփիւռքի ներդրումներով ու բարեգործական առաքելութեամբ: Մենք կարիք ունենք ներգրաւուելու կառավարման եւ շփման մշակոյթ»։

Կառավարութեան ղեկավարը ըսած է, որ, օրինակ, սուրիահայերու Հայաստան գալով սպասարկման ոլորտը որակապէս մեծ փոփոխութիւններ կրած է, յատկապէս ճաշարանային գործարքներուն մէջ:

Վարչապետը նկատած է, որ տարածքային զարգացման ծրագրերէն բացի, ներկայիս լուրջ ուշադրութիւն կը դարձուի մարզերու գործարար համայնքի կողմէն ներկայացուող գործարքային ծրագրերու խթանման՝ պետութիւն-մասնաւոր համաֆինանսաւորման ձեւաչափով, աւելցնելով, որ լուրջ քննարկումներ կ’ընթանան Գիւմրին որպէս զբօսաշրջութեան կեդրոն զարգացնելու ուղղութեամբ։

Իր եզրափակիչ խօսքին մէջ վարչապետը նշած է, որ նմանատիպ հանդիպումներ լաւ հարթակ են կարծիքներ փոխանակելու, նոր գաղափարներ փոխանցելու համար։

«Վստահ եղէք՝ ամենալաւ երկիրը հայերի համար Հայաստանն է լինելու: Ես գիտեմ, որ բոլորիդ մօտ հպարտութեան եւ արժանապատուութեան զգացողութիւնը կախուած է այն բանից, թէ ինչպէս է Հայաստանն իրեն զգում: Ես խոստանում եմ, որ մեր թիմը կանի ամէն հնարաւորը»,- ըսած է Կարէն Կարապետեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment