Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ամերիկայի Դեսպանի Կարծիքով Շատ Կանուխ Է 1915-ի Դէպքերու Շուրջ Թրամփի Վարչակազմէն Դիրքորոշում Ակնկալել

Ամերիկայի Դեսպանի Կարծիքով Շատ Կանուխ Է 1915-ի Դէպքերու Շուրջ Թրամփի Վարչակազմէն Դիրքորոշում Ակնկալել

by MassisPost

Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Միլս  լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին  անդրադառնալով ԱՄՆ-ի նախագահի փոփոխութեան հետ Միացեալ Նահանգներու դեսպաններու հնարաւոր փոփոխութեան մասին հարցին յայտնեց թէ, իր լիազօրութիւնները տակաւին ուժի մէջ են:

Պատասխանելով այն հարցին թէ արդեօ±ք նոր նախագահը հետագային կÿանդրադառնայ Հայոց ցեղասպանութեան հարցին,  դեսպանը ըսած է,-   «Պարոն Թրամբ, որքան ես գիտեմ, որպէս թեկնածու, իր քարոզարշաւի ժամանակ երբեք հայ-թրքական յարաբերութիւններուն չէ անդրադարձած, եւ առայժմ շուտ է, որ կարենամ ըսել, թէ ինչպիսին կ’ըլլայ նոր վարչակազմի դիրքորոշումը շարք մը հարցերու, այդ կարգին՝ այս հարցի վերաբերեալ»,- ըսաւ դեսպան Միլս, աւելցնելով՝ «ԱՄՆ-ը կը ցանկայ, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ փոխըմբռնում ու հաշտեցում ըլլայ, քանի որ այդ կը բխի տարածաշրջանի, Կովկասի շահերէն: Այդ այն է, որ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն կը բերէ տարածաշրջան»:

ԱՄՆ-ի դեսպանը մասնակցած էր հայ եւ թուրք լուսանկարիչներու` Երեւանի մէջ կազմակերպուած համատեղ ցուցահանդէսի բացման արարողութեան: «Կամրջելով պատմութիւնները» խորագրով ցուցահանդէսը բաց է մինչեւ 7 Փետրուար: Միացեալ Նահանգներու դեսպանի խօսքով, այս ցուցահանդէսը կարեւոր է, քանի որ ցոյց կու տայ, թէ որքան ընդհանրութիւններ կան հայ եւ թուրք ժողովուրդներուն միջեւ:

՚«Մենք միշտ յստակ նշած ենք, որ հաշտեցման համար անհրաժեշտ է, որ ըլլայ լիարժէք, անկեղծ եւ արդար ճանաչում այն դէպքերուն, որոնք տեղի ունեցած են 100 տարի առաջ՝ 1915 թուականին»:

«Հայաստանի ԱՄՆ-ի դեսպան ըլլալը աշխարհի լաւագոյն աշխատանքն է, ոչ մէկուն չ’ըսէք»,- զրոյցի աւարտին կատակով ըսած է դեսպան Ռիչըրտ Միլս:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment