Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ալիեւ. «Լեռնային Ղարաբաղը Երբեք Անկախութիւն Չստանար»

Ալիեւ. «Լեռնային Ղարաբաղը Երբեք Անկախութիւն Չստանար»

by MassisPost

«Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայկական երկրորդ պետութեան ստեղծումը բացառուած է»,- յայտարարեց Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ` Պաքուի մերձակայքը գտնուող  նորաբաց զօրամաս այցելութեան ընթացքին:

Զինուած ուժերու հրամանատարական կազմի հետ կազմակերպուած խորհրդակցութեան ընթացքին Ալիեւ յայտարարած էր. «Նախեւառաջ պէտք է վերականգնի Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը: Մենք երբեք թոյլ չենք տար Ատրպէյճանի տարածքին երկրորդ, մտացածին հայկական պետութիւնը ստեղծել: Լեռնային Ղարաբաղին երբեք անկախութիւն չի տրամադրուիր: Եթէ որեւէ մէկը նման ակնկալիք ունի, ապա ստիպուած եմ նշել` այդ ակնկալիքները զուր են: Այս երբեք իրականութիւն չի դառնար», աւելցնելով. «Լեռնային Ղարաբաղը կրնայ կարգավիճակ ստանալ բացառապէս միասնական ատրպէյճանական պետութեան սահմաններուն մէջ: Այդ է ղարաբաղեան խնդրի լուծումը, եւ որքան շուտ այդ իրողութիւնը ըմբռնէ Հայաստանի ղեկավարութիւնը, այնքան լաւ ուղղակի իրեն համար»:

Պաշտօնական Երեւան բաւական արագօրէն արձագանքեց Ալիեւի յայտարարութիւններուն: Հայաստանի ԱԳ փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեան Ալիեւի՝ Ապշերոնի թերակղզի գտնուող զօրամաս այցէն ժամեր ետք յայտարարութիւն տարածեց, որուն մէջ մասնաւորաբար նշուած էր․ «Ատրպէյճանի ղեկավարութեանը վաղուց հարկ էր ընթերցել ՄԱԿ Կանոնադրութիւնը, որպէսզի իր անգրագիտութեան թմբկահարմամբ ծաղրանքի առարկայ չդառնայ, եւ հաշտուել Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ճանաչման հեռանկարի անխուսափելիութեան հետ»,- նշած էր Հայաստանի ԱԳ փոխնախարարը:

Նշենք նաեւ, որ զօրամասի բացման ընթացքին Ալիեւ մէկ անգամ եւս կրկնեց անցեալ ամիսներուն բազմիցս հնչած տեսակէտը, թէ 2016-ի ապրիլին ատրպէյճանական կողմը շփման գիծի երկայնքով լուրջ ռազմական յաջողութիւն արձանագրած էր:

«Այսօր, մեր բանակը աշխարհի ուժեղագոյն զինուած ուժերու կարգին է` թէ՛ մարտունակութեան եւ թէ՛ արուեստագիտական յագեցուածութեան առումով»,- դիմելով բանակի հրամանատարութեան՝ ըսած էր Ատրպէյճանի նախագահը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment