Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Առաջին Անգամ չէ, Որ Փայլան Մէճլիսին Մէջ Օգտագործած է «Ցեղասպանութիւն» Բառը, Բայց Այս Անգամ Անոր Նկատմամբ Աւելի Խիստ Եղան,- «Ակօսի» Խմբագիր

Առաջին Անգամ չէ, Որ Փայլան Մէճլիսին Մէջ Օգտագործած է «Ցեղասպանութիւն» Բառը, Բայց Այս Անգամ Անոր Նկատմամբ Աւելի Խիստ Եղան,- «Ակօսի» Խմբագիր

by MassisPost

Դեռ կանուխ է ըսել, որ Հրանդ Տինքի գլխուն եկածը կու գայ նաեւ Կարօ Փայլանի գլխուն․ ըսաւ Թուրքիոյ մէջ լոյս տեսնող «Ակօս» թերթի խմբագիր Երուանդ Տանձիկեան՝ խօսելով պոլսահայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանի դէմ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն ձեռնարկումներուն մասին:

«Կարօ Փայլան նոյն խնդիրներուն առջեւ չէ կանգնած, որոնց առջեւ կանգնած էր այն ժամանակ Հրանդ Տինք: Անոր հիմա զրկած են միայն խորհրդարանի նիստերէն երեք անգամ մասնակցելու իրաւունքէն: Հիմա Կարօ Փայլանի դէմ ոչ մէկ յարձակում չկայ»,- ըսաւ ան՝ յիշատակելով, որ պոլահայ պատգամաւորը առաջին անգամ չէ, որ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ օգտագործած է «ցեղասպանութիւն» բառը, բայց այս անգամ անոր նկատմամբ աւելի խիստ եղան, քանի որ երկրին մէջ անհանգիստ վիճակ է՝ այս անգամ կապուած սահմանադրական փոփոխութիւններուն հետ:

«Ակօսի» խմբագիր Երուանդ Տանձիկեան նշեց. «Պատմութեան մէջ նոյն բանը հնարաւոր չէ, որ երկու անգամ կատարուի։ Բայց, իհարկէ, պէտք է շատ զգոյշ ըլլալ, պէտք է զգոյշ ըլլայ ինչպէս հայ համայնքը, այնպէս ալ՝ Կարոն»:

Երուանդ Տանձիկեան յիշեցուց. «Ամէն օր նոր դատ կը բացուէր: Հրանդը շատ դժուար պահեր կ’ապրէր: Հիմա դեռ Կարոյի դէմ դատ չկայ բացուած: Այդ տեսակէտէն կ’ըսեմ, որ դեռ շուտ է ըսել, որ անոնց ճակատագրերը նման են»:

«Ակօսի» խմբագիրը նշեց, որ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութեան նկատմամբ պէտք է զգոյշ ըլլայ ամբողջ հայ աշխարհը՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ սփիւռքը:

Հարցին, թէ իր կարծիքով, ինչ ազդեցութիւն կ’ունենան Կարոյի քայլերը թուրք հասարակութեան վրայ, «Ակօսի» խմբագիրը պատասխանեց. «Երկու տարի առաջ կրնայինք ըսել, որ Կարոյի ըրածները աւելի լուրջ ազդեցութիւն կ’ունենային, բայց հիմա, երբ ժողովրդավարութիւն չկայ, լրատուամիջոցներու նկատմամբ ճնշումները աւելցած են, անոր, ինչպէս նաեւ՝ անոր քրտամետ կուսակցութեան ըրածները այնքան ալ լաւ զարգացումներ չեն ունենար, հնչեղութիւն չեն ստանար»,- ըսաւ ան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment