Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թուրքիոյ Խորհրդարանէն Ներս Ցեղասպանութիւն Բառը Գործածելու Համար Կարօ Փայլան Զրկուած է 3 Նիստի Մասնակցութենէն

Թուրքիոյ Խորհրդարանէն Ներս Ցեղասպանութիւն Բառը Գործածելու Համար Կարօ Փայլան Զրկուած է 3 Նիստի Մասնակցութենէն

by MassisPost

Թուրքիոյ խորհրդարանէն ներս սահմանադրական փոփոխութիւններով 11-րդ յօդուածի քննարկման ժամանակ Ուրբաթ օր ելոյթ ունեցած՝ ընդդիմադիր հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան անդրադարձած է 1913-1923 շրջանին Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններու ոչնչացման: Փայլան շեշտած է, որ այդ տարիներուն հայերը, ասորիները, յոյները եւ հրեաները ցեղասպանութեան եւ բռնագաղթի ենթարկուելով, հեռացուած են այդ տարածքներէն:

Ըստ հայկական «Ակօս» թերթին` Փայլանի կողմէ ցեղասպանութիւն բառը հնչելէ ետք, իշխող «Արդարութիւն եւ Զարգացում կուսակցութեան» (AKP) պատգամաւորները ոտքի կանգնած ու սկսած են անոր վրայ պոռալ: Նիստը վարող մէճլիսի փոխ-խօսնակ Ահմէտ Այտըն Փայլանէն պահանջած է «ուղղել» խօսքը:

Փայլան, շարունակելով ելոյթը, ըսած է. «ժամանակին 40 տոկոս կը կազմէինք, հիմա մէկ հազարերորդ մասը կը կազմենք, ուրեմն մեր գլխուն բան մը եկած է. Ես ցեղասպանութիւն անուանեմ, դուք ինչ ուզէք` անուանեցէք: Եկէք անուանումը միասին որոշենք ու շարունակենք մեր ճանապարհը: Պապիս ու նախնիներուս գլխուն եկածը ես շատ լաւ գիտեմ: Եկէք դուք դրէք անուանումը եւ քննարկենք այդ մասին»:

Այս խօսքերուն հակադարձելով, իշխող կուսակցութեան պատգամաւոր Մէթին Քիւլունք գոչած է. «Այդ ցեղասպանութիւն բառը պիտի շտկուի», իսկ որոշ պատգամաւորներ շարժած են դէպի Փայլանը: Լարուածութիւնը զսպելու համար ընդմիջում յայտարարուած է, որմէ ետք շարք մը պատգամաւորներ իրենց ելոյթին մէջ «քննադատած են» Փայլանը` ցեղասպանութիւն բառը խորհրդարանէն ներս օգտագործելու համար:

Կը նշուի, որ հայ պատգամաւորին որպէս պատիժ արգիլուած է մասնակցիլ խորհրդարանի յառաջիկայ 3 նիստերուն, իսկ նիստի արձանագրութիւններէն ջնջուած է ելոյթին մէջ արտասանուած ցեղասպանութիւն բառը:

Նիստի կայացուցած այս որոշումէն ետք Փայլան եւ HDP-ական պատգամաւորները լքած են նիստերու դահլիճը:

Փայլան ծեծէ փրկուա՞ծ
Այսօր առաւօտեան ժամերէն  սկսեալ    լրատուական տեղեկութիւններ  շրջան ըրին Փայլանի, երէկ երեկոյեան ունեցած բաւական աղմկայարոյց ելոյթին մասին: 

 «Արեւելք» կայքէջի  Անգարայի  աղբիւրներուն փոխանցմամբ` երէկ  մինչ  երեսփոխան  Կարօ Փայլան (HDP) իր ելոյթի պահուն  կ’անդրադառնար ցեղասպանութեան խնդրին AKP եւ թուրք ազգայնական  MHP կուսակցութեան անդամ երեսփոխաններ փորձած են  յարձակիլ անոր վրայ: Վերջինս շարունակած է ելոյթը: Ապա  HDP   կուսակցութեան յայտնի  գործիչներէն, պատգամաւոր Սըրը Սիւրէյէ Էօնտէր (Ատեամանցի) խորհրդարանի  գլխամասէն հասնելով օժանդակած  է, որ Փայլան  անվտանգ կերպով հեռանայ դահլիճէն:

Նոյն աղբիւրը նաեւ  վստահեցուց,  որ իրավիճակը եղած է բաւական բարդ եւ ծանր եւ  եթէ Օնտէր արագ ու տեղին միջամտութիւն չկատարէր  ապա  Փայլան ոտքի կոխան կրնան   ըլլալ:

Փայլան   Twitter-եան գրառում մը կատարելով  խօսած է  Ցեղասպանութիւն եզրին մասին  եւ ըսած, թէ ինք այդ բառը  օգտագործած է, ոչ թէ թուրք  ժողովուրդին դէմ այլ  այդ արարքը գործող ամբոխներուն  դէմ:  Ան մասնաւորապէս ըսած է՝ «Ցեղասպանութիւն իրագործողը ոչ թէ թուրք ժողովուրդն է, այլ միշտ յանցանք գործող ու երբեք չպատժուող այս հոգեկերտուածքը»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment