Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Սթրաթֆոր»՝ Պելառուսն ու Ղազախիստանը Դէմ են ՀԱՊԿ-ի Քարտուղարի Պաշտօնին Հայաստանի Ներկայացուցչի Նշանակումը

«Սթրաթֆոր»՝ Պելառուսն ու Ղազախիստանը Դէմ են ՀԱՊԿ-ի Քարտուղարի Պաշտօնին Հայաստանի Ներկայացուցչի Նշանակումը

by MassisPost

Ամերիկեան «Սթրաթֆոր» վերլուծական կեդրոնը Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ)-ի վերաբերեալ վերլուծական յօդուած հրապարակած է, որուն մէջ, մասնաւորապէս, նշուած է, թէ Պելառուսն ու Ղազախիստանը պատրաստ չեն կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնին տեսնել Հայաստանի ներկայացուցիչը:

«Արեւմուտքի 2016-ի տնտեսական եւ քաղաքական ճգնաժամը նոր հեռանկարներ բացաւ Ռուսիոյ համար, Մոսկուա ուժեղացուց իր ազդեցութիւնը յետխորհրդային տարածքին մէջ։ Վերջին մի քանի ամիսներուն Ռուսիա նոր ռազմաքաղաքական համաձայնագրեր կնքեց Պելառուսի, Հայաստանի, Ղազախիստանի եւ Տաջկաստանի հետ։ Սակայն, Ռուսիոյ յաջողութիւնը չի նշանակէր ՀԱՊԿ-ի յաջողութիւնը, որ ի սկզբանէ ստեղծուած էր որպէս հակակշիռ ՆԱՏՕ-ին»,- գրած է «Սթրաթֆոր»։

Յօդուածագիրը թուարկած է ՀԱՊԿ-ի առկայ տարաձայնութիւններէն մի քանին, այդ կարգին նաեւ, որ անդամ երկիրներու ղեկավարներուն երկու անգամ չէ յաջողուած համաձայնութեան գալ ՀԱՊԿ-ի նոր գլխաւոր քարտուղարի նշանակման հարցով:

Հոկտեմբերին Երեւան կայացած՝ ՀԱՊԿ-ի գագաթնաժողովն բացակայած էր Ղազախիստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպաեւ, իսկ Դեկտեմբերին կայացած Սան Փեթերսպուրկի գագաթնաժողովին՝ Ալեքսանդր Լուքաշենկօ: «Անոնց բացակայութիւնները, որոշ տուեալներով, պատահական չէին»,- նկատած է ամերիկեան վերլուծական կեդրոնը:

Ըստ հրապարակման, Ռուսիա «կարծես թէ» խոստացած է Հայաստանին, որ վերջինիս ներկայացուցիչը պիտի զբաղեցնէ ՀԱՊԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնը:

Անցեալ Դեկտեմբերին Սան Փեթերսպուրկի մէջ որոշում կայացած էր, որ Նիկոլայ Բորդիւժա հեռանայ պաշտօնէն: Անոր փոխարէն գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնակատար նշանակուած էր Բորդիւժայի տեղակալ Վալերի Սեմերիկով: «Սթրաթֆոր» կը շարունակէ՝, այդ բոլոր տարաձայնութիւններու հետեւանքով կազմակերպութիւնը չի քանդուիր, սակայն «հաստատ» կը թուլանայ:

Ռուս յայտնի վերլուծաբան Պաուէլ Ֆելգենգաուերը համաձայն է «Սթրաթֆոր»-ի վերլուծութեան հետ։ Անոր կարծիքով եւս ՀԱՊԿ-ը ՆԱՏՕ չէ: Իրականին, ՀԱՊԿ-ը պետութեան մը շուրջ ձեւաւորուած միութիւն է, նկատած է ռուս վերլուծաբանը: Անոր կարծիքով, Հայաստանի ներկայացուցիչի նշանակման համար հիմնական խոչընդոտը Ղազախիստանի նախագահն է, քանի որ Աստանայի համար Պաքու, յատկապէս կենսուժային հարցերով, չափազանց կարեւոր գործընկեր է:

Ինչ կը վերաբերի Պելառուսին, ռուսի փորձագէտի կարծիքով, նախագահ Լուքաշենկօ եւս կը կարեւորէ յարաբերութիւնները Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալեւի հետ: «Սակայն, Լուոաշենկոյի համոզելը աւելի դիւրին է Մոսկուայի համար, քան Նազարպաեւին»,- նկատած է Պաուէլ Ֆելգենգաուերը

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment