Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԼՀ-ն Վանաձորի Աւագանին Լուծարելու Առաջարկով Պիտի Դիմէ Կառավարութեան

ԼՀ-ն Վանաձորի Աւագանին Լուծարելու Առաջարկով Պիտի Դիմէ Կառավարութեան

by MassisPost

Ընդդիմադիր «Լուսաւոր Հայաստան» (ԼՀ) կուսակցութիւնը վաղը կը դիմէ Կառավարութեան Վանաձորի աւագանին լուծարելու եւ նոր ընտրութիւններ կայացնելու առաջարկով: Վանաձորի աւագանիի «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան անդամ Քրիստ Մարուքեան ըսաւ, որ արդէն երեք ամիս է, նորընտիր քաղաքապետ Մամիկոն Ասլանեանի (ՀՀԿ) գլխաւորած աւագանին չի կրնար նիստեր գումարել եւ որոշումներ կայացնել, հետեւաբար՝ անգործունակ է:

Հոկտեմբեր 2-ին կայացած ընտրութիւններէն յետոյ Վանաձորի քաղաքապետ դարձած Մամիկոն Ասլանեան հակադարձած է, թէ իրաւական հիմք չկայ այժմ աւագանիի գործունէութիւնը դադրեցնելու համար:

Հոկտեմբերին կայացած ընտրութիւններուն Վանաձորի աւագանիի մեծամասնութիւն ձեւաւորելու համար որեւէ ուժ անհրաժեշտ ձայներ չէր հաւաքած, որմէ յետոյ ընդդիմադիր «Լուսաւոր Հայաստանը», «Հայկական վերածնունդն» ու «Բարգաւաճ Հայաստանը» պայմանաւորուած էին քաղաքապետ ընտրել Քրիստ Մարուքեանին: Անկէ վերջ ընդդիմադիրները որոշեցին պօյքոթել աւագանիի նիստերը:

Ընդդիմադիր գործիչի պնդմամբ՝ վանաձորցիներու հետ իրենց շփումները ցոյց տուած  են, որ բնակչութիւնը համաձայն է աւագանիի նիստերուն չմասնակցելու իրենց որոշման հետ: Սուրբ ծննդեան պատարագի ժամանակ քաղաքական այս խնդրին անդրադարձած էր Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Գուգարաց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արքեպիսկոպոս Չուլճեանը․ «Այս տարի ուզում եմ, որ մեր քաղաքի քաղաքապետարանում հաւաքուի աւագանին եւ վճռական քայլերով մեր քաղաքի կառուցման սուրբ գործին նուիրուի՝ թողնելով արտաքին ուժեր, ովքեր փորձում են այս քաղաքի ներքին կեանքին միջամտել»:

Գործող քաղաքապետը եւս զարմացած է, որ արքեպիսկոպոսը անդրադարձած է աւագանիի խնդրին, սակայն անոր խօսքին մէջ Մամիկոն Ասլանեան կողմնակալութիւն չի տեսնէր․ «Սրբազանը այն անձն է, որը մարզում նաեւ իր ըմբոստ ու բոցաշունչ ելոյթներով է նաեւ յայտնի, որոնք ուղղուած են եղել թէ՛ հանրապետական իշխանութիւններին, թէ՛ կառավարութիւնն ու թէ՛ մարզպետին, թէ՛ քաղաքապետին»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment