Home ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ Ուրիշ ելք չկա՛յ

Ուրիշ ելք չկա՛յ

by MassisPost

ԶԱՒԷՆ ԽԱՆՃԵԱՆ

Տարեգլուխ է կրկին:

Մարդկային կեանքի եւ պատմութեան անիւի հոլովոյթով, անհատապէս եւ ազգովին տարի մը եւս բոլորած ըլլալու խոկումի եւ խորհրդածութեան հայելիին առջեւ կը գտնուինք:  Հետեւաբար անյարիր չէ մտքերը հրապարակաւ արտայայտել:  Քննարկման անհրաժեշտութեան հրամայականը մտքի մարզանք չէ այլ հենած տարուայ մը եւս փոrձաութեան վրայ, ազգային ուղեւորութեան ճանապարհին յարկ եղած բարեփոխումներու ձգտումին գիտակցութիւն է:

Աշխարհագրականօրէն Հայ ժողովուրդի պատմութեան այս հանգրուանի ծանօթ երեք յենարաններն են՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, Արցախի Հանրապետութիւնը եւ տարաշխարհով տարտղնուած Սփիւռքահայութիւնը:

Ահաւասիկ համառօտ ակնարկ մը սոյն յենարաններուն:

Ա. 2016ը Հայաստանի երրորդ հանրապետութեան անկախութեան քսանհինգամեակն էր: Պատշաճօրէն՝ հայրենիքի եւ սփիւռքի տարածքին տպաւորիչ զինուորական տողանցքով եւ բազմաթիւ փայլուն հանդիսութիւններով յիշատակուեցաւ պատմականօրէն մանուկ այս հանրապետութեան տարեդարձը: Սեպտեմբեր 21ի երեկոյեան Երեւանի մարզահամալիրի փառաւոր հանդիսութեան, ՀՀ Նախագահի արտասանած խօսքը անզուգական նկարագրութիւն մըն էր այն իտէալ հայրենիքին զոր բոլորս կը բաղձանք: Հայաստանի քաղաքացիին իրաւունքներու եւ ազատութիւններու նկարագրութիւնը մարմին փշաքաղող դասագրքային շարահիւսութիւն էր: Իրականացնելու համար ժողովրդավար եւ զարգացած երկրի մը մէջ անհրաժեշտութիւն եղող ընկերային արդարութիւնը եւ տնտեսական բարեկեցութիւնը, կը մնայ հաւաքական ջանքերով եւ պահանջքներով իրականացնել բոլոր այդ գեղեցիկ իրաւունքներու կիրարկումը երկրին մէջ: Երկրի նոր վարչապետը այդ իրաւունքներու ցանկէն անպայման օրինակ մը ունենալու է իր գրասեղանին վրայ: Քաղաքացին, պայքարելու եւ պահանջելու հարկադրանքինն տակ գտնուելու չէ վայելելու համար սահմանադրականօրէն իրը եղող որեւէ իրաւունք: Հայրենիքի պաշտպանութեան համար սահմանները հսկող եւ կամ իր արիւնը հեղող քաղաքացին տէր է այդ իրաւունքին: Նմանապէս իր հարկերը կանոնաւորապէս վճարող քաղաքացիին բնական իրաւունքն է հեզասահ կերպով վայելել մարդկային իրաւունքներու գեղեցիկ փունջը զոր երկրի սահմանադրութիւնը ապահոված: Այս իրաւունքներու ծիրին մէջ է նաեւ օրէնքի արդար եւ հաւասար կիրարկումը բոլոր քաղաքացիներու վրայ առանց խտրականութեան զոր կաշառակերութեան, փտածութեան եւ ինքնահարստացման դէմ պայքարի առաջնահերթ միջոցն է:

Հայրենիքի հողին վրայ գտնուող ամէնաթանկագին հարստութիւնը  երկրի քաղաքացին է: Անոր գոհունակութիւնը, պատիւն ու արժանապատուութիւնը  երաշխիքն է հայրենիքի յարատեւութեան, գոյութեան եւ զարգացման:  Պետութեան կողքին, հզօր հայրենիքի մը ապահով սահմաններուն մէջ գոհունակ քաղաքացիութեան մը ապահովումը նաեւ իմ եւ քու պարտաւորութիւնն է, մեր հաւաքական յանձնառութիւնը եւ աշխատանքը զոր մեզմէ կը պահանջուի առանց պայմանի, առեւտուրի կամ վարձատրութեան:

Ուրիշ ելք չկա’յ:

Բ.  2016ին Արցախի Հանրապետութիւնը եւս յիշատակեց իր անկախութեան քսանհինգամեակը: Հակառակ տօնախմբութեան մթնոլորտին եւ ոգիին, Արցախը՝ Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի փորձառութեամբ նորոգուած ցաւով կը մնայ խոցելի: Արեւելեան ճակատի ոսոխին անակնկալ եւ վայրագ յարձակումին պատճառած աղէտը երկար դարմանումի կարօտ է:  Ամենափոքր վնասն եւ մէկ զոհն իսկ շատ է մեզի համար: Համահայկական ընդոստ նեցուկը թէեւ մխիթարական է, սակայն թշնամիին նենգ եւ դաւադիր դիրքը կը մնայ լուրջ սպառնալիք: Արցախը մեր անսակարկելի ճակատն է, արժանի ամէն զոհողութեան եւ նեցուկի:  Արցախը մեր Աւարայրն ու Սարտարապատն է: Արցախեան ճակատը, Հայաստանի գոյութեան, հզօրութեան եւ գերիշխանութեան գրաւականն է, անսասան թումբը եւ անխախտելի գիծը: Մեր բոլորին բնական եւ տրամաբանական ակնկալութիւնն է որ Պետութիւն եւ իշխանութիւն ի Հայաստան եւ Արցախ պէտք եղած բարեփոխութիւնները կատարելագործած ըլլան Ապրիլեան ճակատումի որպէս արդիւնք ի յայտ եկած եւ սերտուած բացթողումներու  փորձառութենէն:

Գիտակից ենք թէ վերջերս Արցախեան տագնապը լուծելու փորձերը աշխուժացած իսկ ճնշումները հայկական կողմին վրայ ուժեղացած են: Ճշմարիտ է նաեւ թէ սերունդներ շարունակ պատերազմի սպառնալիքին տակ պահելը անբաղձալի է:  Այդ վիճակը կրնայ ժողովուրդի մը ստեղծագործելու եւ արդիւնաբերելու կարողականութիւնը ջլատել իսկ անոր Աստուածատուր խաղաղ եւ արժանավայել կեանք մը ապրելու արդար իրաւունքը զլանալ: Ամէն սակարկութիւն սակայն եւ ակնկալուած զիջում ազգային ռազմագիտական անկիւնէ սահմանուած գին մը ունի որը կարելի չէ խախտել: Մեր երկրի ղեկավարները պարտին գիտնալ զոհողութեան եւ զիջումի այդ սահմանը եւ այդ գիտակցութեամբ մտնեն բանակցութեան տաղաւարը: Խաղաղութեան ճանապարհը սուրբ է եւ փշոտ: Հարկ է սրբութեամբ մօտենալ այդ ճանապարհին վրայ մեր կարողականութեան համոզումին եւ կարելիութիւններու եւ միջոցառումներու ինքնավստահութեան: Արցախեան ազատագրութեան ճանապարհը ոռոգուած է նահատակ ազատամարտիկներու արիւնով, որեւէ լուծում այդ զոհողութեան արդար գինը նժարի վրայ դնելու է:

Հաւաքաբար պատրաստ պէտք է ըլլանք տագնապի լուծման արդար գինը պարտադրող լուծումին:

Ուրիշ ելք չկա’յ:

Գ. Սփիւռքահայութեան կազմաւորման, հաւաքական կարողականութեան, հայապահպանումի, ֆիզիքական գոյութեան պայքարի, ստեղծուած նոր գաղութներու, լեզուի եւ մշակոյթի պահպանումի, հայրենիքի եւ Արցախի նկատմամբ նուիրագործուած միաձոյլ ճակատ մը կազմելու եւ այլ մտահոգութիւններու  տուն տուող հարցերը բազմաթիւ են: Թաւալող տագնապներ՝ որոնք կը ժառանգուին սերունդէ սերունդ:

Հինգ տարի է սակայն որ հայ ժողովուրդը կ’ապրի եւ կը դիմագրաւէ Սփիւռքահայութեան արմատները խախտող եւ գոյութեան սպառնացող յետ Եղեռնեան ամենամեծ Ազգային Աղէտը:

Սուրիահայութեան տագնապին, Սփիւռքահայ Մայր Գաղութի անդամահատումին եւ Սուրիահայ հոծ գաղթականներու անյոյս եւ անմխիթար վիճակին՝ մենք հաւանաբար հարկ եղած լրջութեամբ չմօտեցանք: Այո՝ գոյութիւն քաշքշող սնունդ մը կարողացանք հայթայթել կրակի տակ գտնուողներուն: Գորովագին օժանդակութեամբ թեթեւցուցինք Հայրենիք ապաստան գտնող անկողմնացոյց գաղթականներու ցաւը: Սակայն չկրցանք մեծ պատկերը տեսնել եւ գաղութի քայքայումէն բխած նուազագոյն օգուտը քաղել: Որովհետեւ՝ Սուրիահայութեան տագնապէն բխած բոլոր չարիքներուն դիմաց միայն մէկ մխիթարութիւն եւ ազգային շահ կրնայ ըլլալ՝ անոնց հայրենիք հաստատուիլը եւ հայրենիքը մարդուժով, տաղանդով, մասնագիտութեամբ եւ կարողականութեամբ հարստացնելը: Սուրիան եւ Սուրիահայութիւնը, փրկութեան կարօտ ոգեղէն Արեւմտահայաստանն է եւ մենք եր՞բ  որոշեցինք պատմութեան կորսուած էջերուն յանձնել Արեւմտահայաստանը:

Վտանգի նուազումի եւ յարաբերական ապահովութեան վերադարձի մշուշոտ յոյսեր կ’երեւան Սուրիական հորիզոնի վրայ: Հալէպը մանաւանդ, ազատագրուելու վերջին հանգրուանի վրայ ըլլալ կը թուի: Մենք երախտապարտ ենք Սուրիական հայրենիքին՝  որ դար մը շարունակ ապահով ապաստան եւ հովանի պարգեւեց առաջին ցեղասպանութենէն փրկուած հայու բեկորներուն եւ այդ բեկորները իրենց կարգին, երկրագունդի վրայ արտակարգօրէն  ծաւալած Սփիւռքահայութեան զարթօնքի աւիշն ու արիւնը հանդիսացան:

Այսօր այդ գաղութի զաւակներէն ոմանք, հաւատարիմ նոր հայրենիքին, հաստատ եւ գիտակից կերպով թերեւս փափաքին շարունակել իրենց կեանքը, վերջ ի վերջոյ օր մը, խելայեղօրէն զարգացումի, վերաշինութեան եւ վերականգնումի ենթակայ ծննդավայրի մը մէջ: Եւ մենք, յարգելով անոնց կամքն ու որոշումը, մղուած մարդկային եւ ազգային պարտաւորութիւններէ, պարտինք սատարել անոնց վերականգնումին:  Ժողովուրդի մը կեանքին մէջ սակայն, մի քանի սերունդի բաժանումով անկողմնացոյց երկու բռնագաղթ անկրկնելի մնալու է եւ ուրեմն հարկ է հաւաքուիլ հարազատ հողամասի մը վրայ ուր աւելի տրամաբանօրէն ապահովելի է աղէտի անկրկնելիութիւնը:

Հայ Սփիւռքը ընդհանրապէս եւ Սուրիահայ Սփիւռքը յատկապէս հարկ է հաւաքել ապահով, հիւրընկալ եւ գուրգուրալից հայրենիքի մը հողին վրայ:

Ուրիշ ելք չկա՛յ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment