Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Խորհրդարանական Ընտրութիւնները կը Կայանան Ապրիլի 2-ին

Հայաստանի Խորհրդարանական Ընտրութիւնները կը Կայանան Ապրիլի 2-ին

by MassisPost

Նախագահ Սերժ Սարգսեանն Դեկտեմբեր 29-ին  ստորագրած է հրամանագիր Հայաստանի Ազգային ժողովի հերթական ընտրութիւն նշանակելու մասին:

«Հիմք ընդունելով Հայաստանի Հանրապետութեան ընտրական օրէնսգրքի 103-րդ յօդուածի 2-րդ մասը` որոշում եմ՝
1.Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի հերթական ընտրութիւնը նշանակել 2017 թուականի Ապրիլի 2-ին:
2.Սոյն հրամանագիրն ուժի մէջ է մտնում պաշտօնական հրապարակմանը յաջորդող օրուանից»,- ըստ նախագահի կայքէջին վրայ նշուած  հրամանագրին:

Իր հերդին, Դեկտամբեր 30-ին, Կեդրոնական Ընտրական Հանցնաժողովը (ԿՀԿ) հաստատեց խորհրդարանական ընտրութիւններու հիմնական ժամանակացոյցը

Կուսակցութիւններն ու դաշինքները գրանցման համար փաստաթղթերը կը կարողանան յանձնել Փետրուար 6-էն 16-ը: Այսինքն քաղաքական ուժերը մէկ ամիսէն քիչ մը աւելի ունին՝ դաշինքներու շուրջ բանակցութիւնները աւարտելու ու նախընտրական ցուցակները կազմելու համար:

Այսօր հաստատուած ժամանակացոյցով  Ապրիլին 2-ին կայանալիք Ազգային ժողովի հերթական ընտրութիւններու նախընտրական քարոզչութեան կանցնին Մարտ 5-էն 31-ը:

Տիգրան Մուկուչեանի գլխաւորած յանձնաժողովը հաստատեց նաեւ 2017-ին առաջին անգամ կիրառուող տարածքային թեկնածուներու քանակը: Նախկին 41-ի փոխարէն Հայաստան այժմ պիտի բաժանուի 13 ընտրատարածքներու, որոնցմէ ամէն մէկուն մէջ կուսակցութիւնները կը կարենան առաջադրել 7-15 թեկնածուներ՝ կախուած թէ որքան է այդ տարածքի ընտրողներու թիւը: Ամէն 15 հազար ընտրողի հաշուարկով 1 թեկնածու է:

Ընդդիմադիրները այս դրոյթը քննադատութեան ենթարկած են՝ պնդելով, որ այս նոյն նախկին մեծամասնական համակարգն է: Ըստ Մուկուչեանի, քննարկումներէն բացի, առարկայական քայլեր դեռ չկան տեղամասերուն մէջ տեսախցիկներ տեղադրելու վերաբերեալ: Եթէ որեւէ կազմակերպութիւն չդիմէ մրցոյթին, Տիգրան Մուկուչեան չի կարծէր, որ առանց տեսանկարահանման ընտրութիւնները կը ստուերուին:

Այն հարցին, թէ արդեօք տեսախցիկներու բացակայութիւնը չի ստուերէր ընտրութիւնները, ԿԸՀ-ի նախագահը պատասխանեց․ «Միանշանակ ոչ, որովհետեւ Ընտրական օրէնսգիրքը ամրագրել է բազմաթիւ հասարակական վերահսկողութեան մեխանիզմներ, որոնք հնարաւորութիւն են տալիս ընտրական գործընթացի բոլոր մասնակիցներին լիարժէք կերպով հետեւելու թէ՛ ընտրական բոլոր գործընթացներին, թէ՛ իրականացնելու հանրային վերահսկողութիւն ցանկացած գործառոյթի նկատմամբ»:

Յառաջիկայ ընտրութիւններու միւս՝ ամենաէական նորամուծութիւնը, ընտրողներու ցուցակներու հրապարակումն է: Դիտորդներն ու ընդդիմադիրները յայտարարած են, որ լուրջ հետաքննութիւն պիտի կայացնեն՝ փորձելով անուն առ անուն ստուգել, թէ արդեօք ընտրողը իսկապէս մասնակցած է քուէարկութեան, եթէ անուան դիմաց ստորագրութիւն դրուած է:

Հարցին, թէ ինչ ծաւալի, յայտնաբերուած քանի խախտման պարագային յանձնաժողովը կը համարէ, որ խախտումները էական ազդեցութիւն ունեցած են արդիւնքներու վրայ, այսինքն, որ ընտրութիւնները կեղծուած են, Մուկուչեան արձագանքեց․ «Որովհետեւ ցանկացած դէպքում, եթէ մենք խօսում ենք կոնկրետ իրաւախախտման հետ կապուած․․․ եւ առաւել եւս՝ դրա ազդեցութեան վերաբերեալ գնահատական տալու հետ, դա բանաձեւ չունի, որի միջոցով կարելի է ասել, որ այս կամ չափը պէտք է լինի»:

«Թրէնսփէրենսի ինթըրնեշնլ Հայաստան» հակակաշառակերութեան կեդրոնի իրաւախորհրդատու, «Քաղաքացի դիտորդ» նախաձեռնութեան անդամ Հերիքնազ Տիգրանեանի խօսքով՝ իսկապէս օրէնքով շեմ սահմանուած չէ, թէ քանի տոկոս խախտման պարագային տեղամասի արդիւնքները կը դառնան անվաւեր: Իսկ գործող կարգաւորումը փորձագէտը անորոշ կը համարէ: Այսպիսի փորձ, անոր պնդմամբ, առնուազն նախորդ ընտրութիւններէն իրաւապաշտպաններ ունին․ «Ընտրական վերադաս յանձնաժողովների՝ ինքնուրոյն որոշում կայացնելու ոչ-ունակ լինելը, կամ վերադասից ցուցում ստանալու իրենց այդ պատրաստականութիւնը»:

«Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը ապաքաղաքական մարմին է», – այսպէս պատասխանեց Տիգրան Մուկուչեան քաղաքական կամքի մասին հարցին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment