Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Զօրավիգ Կանգնինք Սեւան Նշանեանին

Զօրավիգ Կանգնինք Սեւան Նշանեանին

by MassisPost

Պոլսահայ լեզուաբան Սեւան Նշանեան բոլորեց իր բանտարկութեան երրորդ տարին: Ան նախ կարճատեւ բանտարկութեան դատապարտուած էր,  խօսքի ազատութեան եւ Մոհամմէտ մարգարէին քննադատելու իրաւունքի մասին ինթերնեթային գրառում կատարելուն պատճառաւ: Այդ օրուան Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարարը ելոյթ ունենալով, յայտարարած էր, որ մարգարէին վիրաւորելու ոչ մէկ փորձ անպատիժ պիտի մնայ:

Հետագային, բանտէն դուրս գալը ամէն գնով կանխելու նպատակով, թրքական իշխանութիւնները սկսած էին Նշանեանին ներկայացնել դատական 11  նոր մեղադրանքներ, որոնք բոլորն ալ կապ  ունէին, «ապօրինի»  շինարարութիւն կատարելու հետ: Այսպիսով, Նշանեանի բանտարկութեան ժամկէտը հասցնելով  մինչեւ 16 տարի եւ 7 ամիս:

Վերջերս  «Գրաքննութեան ցուցակ» (Index on Censorship) կազմակերպութիւնը հարցազրոյց մը ունեցած է Սեւան Նշանեանի հետ, ուր ան կը պատմէ թէ, կը պահուի բանտային սարսափելի պայմաններու մէջ: «Մեր բանտարկեալներու շուրջ երկու երրորդը վերջերս տեղափոխուած են այլ վայրեր, իսկ մնացեալը տարուած  են խիտ բնակեցուած խուցեր, որպէսզի սենեակներ պատրաստուին երկրի ձախողած յեղաշրջման փորձէն յետոյ ձերբակալուած հազարաւոր մարդկանց համար»,- ըսած է պոլսահայ մտաւորականը:

Հայկական շրջանակներու մօտ Սեւան Նշանեանի հարցով հետաքրքրութիւն  առայժմ կը սահմանափակուի  մամուլի մէջ հրատարակուող լրատուութիւններով: Հայաստանի եւ սփիւռքի կազմակերպութիւնները, շատ քիչ բացառութիւններով, ընդհանրապէս կ’անտեսեն այս հարցը:

Մեկնելով այն իրողութենէն, որ Թուրքիա այս օրերուն կը վերածուի աւելի ու աւելի բռնատիրական երկրի, ու նախագահ Ռէճէփ Էրտողան, օգտագործելով զինուորական յեղաշրջումի ձախող փորձը, հաշուեյարդար կը տեսնէ տասնեակ հազարաւոր ընդդիմադիրներու հետ, Նշանեանի հարցը նաեւ անտեսումի կÿարժանանայ միջազգային իրաւապաշտպան հեղինակաւոր կազմակերպութիւններուն կողմէ:

Ժամանակն է որ, հայկական կազմակերպութիւնները  յատուկ ուշադրութիւն դարձնեն Սեւան Նշանեանի ճակատագրին եւ հանդէս գան անոր ազատ արձակումը պահանջող  յայտարարութիւններով, կոչերով ու միջազգային կառոյցներուն եւ թրքական կառավարութեան ուղղուած դիմումներով:

«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment