Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՍԴՀԿ-ՌԱԿ Դաշինքը Բանակցութիւններու Մէջ է Այլ Դաշինքներու Հետ

ՍԴՀԿ-ՌԱԿ Դաշինքը Բանակցութիւններու Մէջ է Այլ Դաշինքներու Հետ

by MassisPost

Անցնող տարին ամփոփող մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, ՍԴՀԿ Հայաստանի Վարչութեան ատենապետ  Նարեկ Գալստեան   մատնանշեց  երկու կարեւոր իրադարձութիւն` ապրիլեան քառօրեայ պատերազմը եւ ՊՊԾ գնդի գրաւումը «Սասնա ծռեր» խմբաւորման կողմէ: «Ենթադրւում էր, որ այդ իրադարձութիւնները էականօրէն կը փոխեն ներհայաստանեան կեանքը, բայց,  բովանդակային առումով մեր երկրում ոչինչ չփոխուեց, քաղաքական, սոցիալական եւ տնտեսական խնդիրները շարունակում են մնալ բաւական սուր»:

Յառաջիկայ խնդրայարոյց հարցերու անդրադառնալով Գալստեան յիշեց արցախեան խնդիրը եւ գարնանը սպասուող խորհրդարանական ընտրութիւնները:

Խօսելով յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասին ան կանխատեսեց բաւական սուր ընտրապայքար: Նարեկ Գալստեան յայտնեց. «ՍԴՀԿ-ՌԱԿ բանակցութիւնները դեռ շարունակւում են, այժմ արդէն այն համատեքստում, որ այդ դաշինքը  մեծացուի կամ միանայ մէկ այլ դաշինքի, որը քաղաքական ու գաղափարական առումով հոգեհարազատ է աւանդական կուսակցութիւններին»:

Գալստեան յայտնեց որ, ամէն պարագայի ՍԴՀԿ-ն կը մասնակցի ընտրութիւններուն: Դաշինքային ձեւաչափի պարագային ինք անձնապէս  կ’առաջադրուի վարկանիշային ընտրակարգով, Գեղարքունիքի մարզէն: Հակառակ պարագային, ՍԴՀԿ-ն մէկ տասնեակ թեկնածու կ’առաջադրէ վարկանիշային ընտրակարգով‘ հանրապետութեան տարբեր մարզերէն ներս:

ՍԴՀԿ ատենապետը  վստահեցուց որ, Կուսակցութիւնը  պիտի պայքարի բացառապէս ընդդիմադիր դաշտի վրայ, առանց մտնելու իշխանական «խաղերու» մէջ:

«Եթէ այս ընտրութիւններում էլ գերիշխող լինի ընտրակաշառքի գործօնը, ընդդիմութեան համար տխուր պատկեր կ’արձանագրուի»,- եզրակացուց Նարեկ Գալստեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment