Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ազգի Հպարտութեան Միակ Առարկան

Ազգի Հպարտութեան Միակ Առարկան

by MassisPost

Անցեալ  շաբաթավերջին Երեւանի մէջ կայացած ՀԱԿ կուսակցութեան համագումարի ընթացքին, Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն ՏԷր-Պետրոսեան իր ունեցած  ելոյթի մեծ մասը յատկացուցած էր Լեռնային Ղարաբաղի հարցի լուծման, պաշտպանելով այն տեսակէտը, թէ պէտք  է վերադարձնել  Արցախի շուրջ տարածքներըª  Ղարաբաղի միջանկեալ կարգավիճակի եւ խաղաղութեան դիմաց:

Նախկին նախագահի այս կարծիքը նորութիւն  չէր: Այս նոյն քաղաքականութիւնը  անցեալին  պատճառ դարձած էր, որ ան ստիպուի հրաժարական ներկայացնել  նախագահի պաշտօնէն: Ինչպէս այդ ժամանակ, ներկայիս եւս, անոր արտայայտած այս տեսակէտները դարձան լայն քննարկման եւ քննադատութեան  առարկայª շատերու կողմէ նկատուելով վտանգաւոր եւ պարտուողական:

Աւելի լաւ  ընդունուեցաւ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանիª իր ելոյթի աւարտին կատարած  մէկ խորհրդածութիւնը.  «Ելոյթս  գուցէ դառը ստացուեց, բայց իմ նպատակը ոչ թէ մարդկանց վհատեցնելն էր, այլ, ընդհակառակը, ազգին ներկայիս հեղձուկ իրավիճակից յուսադրիչ ու արժանապատիւ ելք ցոյց տալըª ազգ, որի ուրախութեան ու հպարտութեան միակ առարկան այսօր Հենրիխ Մխիթարեանն է»:

Մարզական աշխարհէն հեռու եղողներուն  համար յայտնենք, որ Հենրիխ Մխիթարեանը ֆութպոլային աշխարհի այն աստղն է, որ հանդէս գալով  եւրոպական խաղադաշտերու վրայ  կը հմայէ միլիոնաւոր ֆութպոլասէրներու:

Այսօր շատեր համաձայն են այն կարծիքին հետ, որ հպարտութեան  առիթները սկսած են պակսիլ  հայութեան համար: Անկախութեան  առաջին տարիներու խանդավառութիւնը, օրէ-օր ետքայլ արձանագրելով,  ոմանց մօտ  հասած է Հայաստանի ապագայի նկատմամբ խիստ մտահոգութեան, իսկ,  այլոց մօտª   անտարբերութեան:

Մեր ժողովուրդը, Հայաստանէն  մինչեւ սփիւռք, կարիքն ունի բազմաթիւ հերոսներու, ոչ  միայն  Ողիմպիական  հարթակներու, ճատրակի սեղաններու եւ  կամ ֆութպոլի կանաչ դաշտերու վրայ, այլ նաեւ պատերազմի ճակատներուն վրայ, քաղաքական ասպարէզներու մէջ,  գիտութեան, մշակոյթի, գրականութեան, արուեստի ու այլ բնագաւառներու մէջ: Իսկ, այս բոլորը ունենալու համար պէտք է  նախ ունենալ կայուն, զարգացած ու ժողովրդավարական սկզբունքներով  առաջնորդուող  երկիր:

«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment