Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան Վերընտրուեցաւ ՀԱԿ Կուսակցութեան Նախագահ

Լեւոն Տէր-Պետրոսեան Վերընտրուեցաւ ՀԱԿ Կուսակցութեան Նախագահ

by MassisPost

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 17-ին, Կառավարութեան նիստերու դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ  «Հայ Ազգային Կոնգրես» (ՀԱԿ) կուսակցութեան 2-րդ, բայց հիմնական հաշուարկով 20-րդ համագումարը, նկատի առնելով որ ՀԱԿ-ը  ՀՀՇ-ի ժառանգորդը կը համարուի:

Համագումարին, կուսակցութեան նախագահ վերընտրուեցաւ  Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան։

Գոնկրէսը իր նախագահը եւ վարչութեան անդամները ընտրեց գաղտնի քուէարկութեամբ։ Կուսակցութեան վարչութեան անդամ ընտրուեցաւ նաեւ հետախուզման մէջ գտնուող, ներքին գործերու նախկին նախարար Վանօ Սիրատեղեանը։

Նշենք, որ համագումարին այլ քաղաքական ուժերէն ներկայ էր միայն ՀԺԿ նախագահ Ստեփան Դեմիրճեան:

ՀՀ առաջին նախագահ, ՀԱԿ նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան իր ելոյթին մէջ անդրադառնալով Ապրիլեան պատերազմին ըսաւ, թէ կը կարծէ, որ ան Ատրպէյճանի ղեկավարութեան ապացուցած պէտք է ըլլայ՝ վտանգի պահուն հայ ժողովուրդի միաւորուելու ու ցանկացած ոտնձգութեան հուժկու հակահարուած հասցնելու կարողութիւնը։

ՀՀ առաջին նախագահը նշեց, որ հակառակ իր ռազմաշունչ հռետորաբանութեան, Իլհամ Ալիեւը կը համարէ իրաւացի մտածող պետական գործիչ, որ ընդունակ է համաչափ քայլ կատարել խաղաղութեան հաստատ¬ման նաեւ սեփական ժողովուրդին խիստ անհրաժեշտ ուղղութեամբ:

Ըստ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի՝ Հայաստանի մէջ ճշմարտութեան երեսին ուղիղ նայող ուրիշ ուժ չկայ։ «Ես Կոնգրեսին առաջարկում եմ խիզախաբար ընտրութիւնների գնալ «Խաղաղութիւն, Հաշտութիւն, Բարիդրացիութիւն» նշանաբանով։ Դա չի կարող հասկացողութիւն չգտնել ժողովրդի ճնշող մեծամասնութեան մօտ, որովհետեւ Հայաստանի ու Ղարաբաղի փրկութեան, ապահովութեան ու զարգացման այլ ճանապարհ գոյութիւն չունի»,- ըսաւ ան:

Լեւոն Տէր–Պետրոսեան նշեց, թէ իր կարծիքով յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ՀԱԿ-ը պէտք է մասնակցի այս նշանաբանի կամ քաղաքական հարթակի շուրջ ձեւաւորուած դաշինքով եւ այդպիսի դաշինք կազմելու ցանկութիւն յայտնող կուսակցութիւններու առջեւ դռները պէտք է բաց ըլլան։

Այսպիսով` Ղարաբաղեան կարգաւորման հարցով Կոնգրեսի դիրքորոշումը աւելի յստակեցնելով Լեւոն Տէր-Պետրոսեան ըսաւ.

ա. Առանց այդ խնդրի լուծման Հայաստանը եւ Ղարաբաղը զրկուած են ապահովութեան, զարգացման ու բարգաւաճման որեւէ հեռանկարից. տասնութ տարին քիչ ժամանակ չէր, այդ բանն ըմբռնելու համար։

բ. Այլ լուծում, քան այն, ինչ դրուած է բանակցութիւնների սեղանին, գոյութիւն չունի։ Պահը բաց թողնելու դէպքում յաջորդ լուծումը մեզ համար աւելի վատն է լինելու։

գ. Կարգաւորման արդիւնքում կողմերն իրենց յաղթող կամ պարտուող չպէտք է զգան, այլապէս երկարաժամկէտ կտրուածքով նրանց յարաբերութիւնները յղի կը լինեն հակամարտութեան վերականգնման մշտական վտանգով։

դ. Հայ Ազգային Կոնգրեսը, ինչպէս արդէն նշուեց, կարծիք արտայայտելուց բացի, կարգաւորման գործընթացի վրայ ազդեցութեան այլ լծակ չունի։

ե. Հարցի լուծման պատասխանատուութիւնն ամբողջապէս ընկած է իշխող վարչախմբի եւ նրա յենարանը հանդիսացող քաղաքական ուժերի վրայ։

զ. Եթէ մեր իշխանութիւնն ի զօրու լինի հասնելու աւելի շահեկան, յաղթողական լուծման, մենք միայն կ’ողջունենք դա եւ ներողութիւն կը խնդրենք նրանցից։

է. Մենք հաւասարապէս ցաւում ենք հակամարտութեան պատճառով ոչ միայն հայերի, այլեւ ատրպէյճանցիների կրած անհամար տառապանքների համար եւ անկեղծօրէն հաւատում երկու ժողովուրդների խաղաղ համակեցութեանն ու բարիդրացիական յարաբերութիւնների հաստատմանը։

«Ելոյթս գուցէ դառը ստացուեց, բայց իմ նպատակը ոչ թէ մարդկանց վհատեցնելն էր, այլ, ընդհակառակը, ազգին ներկայիս հեղձուկ իրավիճակից յուսադրիչ ու արժանապատիւ ելք ցոյց տալը՝ ազգ, որի ուրախութեան ու հպարտութեան միակ առարկան այսօր Հենրիխ Մխիթարեանն է»,- իր խօսքը եզրափակելով ըսաւ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment