Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ամերիկացի Փորձագէտներ՝ Հաւանական կը Համարեն, որ Գալ Տարի Նոր Բախումներ Գրանցուին Ղարաբաղին մէջ

Ամերիկացի Փորձագէտներ՝ Հաւանական կը Համարեն, որ Գալ Տարի Նոր Բախումներ Գրանցուին Ղարաբաղին մէջ

by MassisPost

Ամերիկացի հեղինակաւոր փորձագէտները չեն բացառէր, որ գալ տարի Ղարաբաղի մէջ նոր ռազմական հակամարտութիւն կրնայ   բռնկիլ:

«Միջնորդական ջանքերու ձախողման, սպառազինութիւններու մրցավազքի եւ հրադադարի յաճախակի խախտումներու հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռազմական գործողութիւններու վերսկսման վտանգը երթալով կ’աճի», – փաստած է Ամերիկայի ամենազդեցիկ փորձագիտական կեդրոններէն մէկուն՝ Արտաքին յարաբերութիւններու խորհուրդի զեկոյցը, որուն նպատակն է կանխատեսել 2017-ի հաւանական հակամարտութիւններն ու անոնց հնարաւոր ազդեցութիւնը Միացեալ Նահանգներուն վրայ:

«Եթէ չ’ըլլան արդիւնաւէտ միջնորդական ջանքեր, հրադադարի խախտումներն ու նոր թափ ստացած լարուածութիւնը կրնան վերստին բորբոքել ղարաբաղեան հակամարտութիւնը՝ ապակայունացնելով Հարաւային Կովկասը: Այս կրնայ ազդել նաեւ Ամերիկայի տնտեսական շահերու եւ համաշխարհային նաւթային շուկայի վրայ»,- փաստած են վերլուծաբանները՝ չբացառելով, որ նոր պատերազմի հետեւանքով Ատրպէյճանէն կազի եւ նաւթի արտահանումը կրնայ ընդհատուիլ:

Ամերիկայի ազգային շահերուն լրջագոյնս սպառնացող եւ խիստ հաւանական կը համարուի ռազմական բախումը ՆԱՏՕ-ի եւ Ռուսիոյ միջեւ:

Ամերիկացի փորձագէտները նոյնչափ հաւանական ու վտանգաւոր կը համարեն նաեւ ռազմական գործողութիւններու աշխուժացումը թուրքերու եւ քիւրտերու միջեւ: Յաջորդ տարուան գլխաւոր վտանգներու շարքին նշուած են նաեւ քայքայիչ   համացանցային  յարձակումները  Ամերիկեան  ենթակառուցուածքներու վրայ, ինչպէս նաեւ հնարաւոր ահաբեկչութիւնները Ամերիկայի տարածքին կամ դաշնակից երկիրներու մէջ:

Զեկոյցը իր հերթին փաստած է, որ «Նորընտիր նախագահ Տոնալտ Թրամբ պաշտօնը կը ստանձնէ փոթորկայոյզ ժամանակներու մէջ, եւ հնարաւոր է՝ շատ ժամանակ չանցած արդէն անոր վարչակազմը կանգնի լուրջ արտաքին ճգնաժամի առջեւ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment