Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Արեւմտեան Թեմը Ունեցաւ Յաջող 13րդ Տարեկան Սուրբ Ծննդեան Խրախճանքը

Արեւմտեան Թեմը Ունեցաւ Յաջող 13րդ Տարեկան Սուրբ Ծննդեան Խրախճանքը

by MassisPost

Աւելի քան 400 հիւրեր Շաբաթ, Դեկտեմբեր 3ի գիշերը ներկայ գտնուեցան Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդարանի Նազարէթ եւ Սիմա Գալայճեան Սրահին մէջ կազմակերպուած 13րդ Տարեկան Սուրբ Ծննդեան Խրախճանքին: Այս տարուան վայելուչ բնաբանն էր «Առաջնորդուեցէք հաւատքով»: Ցնծութեան լոյսերը կը փայլէին, երբ խրախճանքը սկսաւ երեկոյեան ժամը 7ին՝ հիւրասիրութեամբ եւ կաղանդի ծառերու լուսաւորումով Առաջնորդարանի Թրբանճեան Հրապարակին վրայ: Հիւրերը համախմբուեցան գեղեցիկ կերպով զարդարուած ծառերուն շուրջ, ուր Խրախճանքի պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ Թեմակալ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի հանդիսապետութեամբ կատարուած յատուկ աղօթքով: Ապա յայտագիրը տեղի ունեցաւ Գալայճեան Սրահին մէջ:

Սուրբ Ծննդեան Խրախճանքի ուրախ արտայայտութիւնը կատարուեցաւ ի յարգանս իրենց մասնագիտական ասպարէզներուն մէջ յաջողութիւն արձանագրած եւ հայ համայնքին ու Ամերիկեան համայնքին իրենց թանկագին ծառայութիւնները մատուցած հայորդիներուն:

Յանձնախումբի Ատենապետ  Ռաֆֆի Քենտիրճեան իր երախտագիտութիւնն ու գնահատութիւնը յայտնեց բոլոր հիւրերուն, որոնք եկած էին իրենց յարգանքը մատուցանելու այս տարուան 12 հայորդիներուն, որոնք իրենց մասնագիտական ծառայութիւններով մեծապէս օգտակար հանդիսացած էինք հայ եւ Ամերիկեան համայնքներուն: Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ նաեւ Թեմական Խորհուրդի Ատենապետ՝ Ժոզէֆ Կանիմեան:

Իր խօսքին մէջ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը մեծապէս գնահատեց Սուրբ Ծննդեան Խրախճանքի Յանձնախումբին կազմակերպած հիանալի ձեռնակը՝ Ատենապետութեամբ Տիար Ռաֆֆի Քենտիրճեանին: Սրբազան Հայրը նոյնպէս իր երախտագիտութիւնը յայտնեց բոլոր նուիրատուներուն, ապա իր ոգեւորիչ պատգամը փոխանցեց հիւրերուն՝ շնորհաւորելով անորց Նոր տարին եւ Սուրբ Ծնունդը:

Հիւրերը վայելեցին տեսաերիզը պատուի արժանացած 12 հայորդիներուն սրտի խօսքը՝ երբ անոնք արտայայտուեցան իրենց ընտրած ասպարէզներուն մասին: Այս տարուան պատուի արժանացողներն էին Դոկտ. Սքաթ Ա. Ասմար, Նազ Աթիկյան, Տոքթ. Արա Պալըքեան, Տոքթ. Էւլին Բաղդասարեան-Բարխուդարեան, Ալէքսիս Կէորգեան, Ռէյ Յարթունեան, Սիլվա Քաջիկեան, Ատամնաբոյժ Կարօ Գէորգեան, Իրաւաբան Գառնիկ Քէօրքիւնեան, Գարին Մուշեկէյն, Տոքթ. Գեւորգ Մութաֆյան եւ Իրաւաբանուհի Թինա Օջաղեան: Նախորդ տարիներուն պատուի արժանացած հայորդիներ մասնակցեցան այս տարուան պատուի արժանացողները ներկայացնելով:  Ապա իւրաքանչիւր պատուի արժանացող Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողմէ ստացաւ յատուկ վկայագիր եւ հայկական զարդարուած տուֆէ խաչքար մը առ ի գնահատութիւն համայնքէն ներս իրենց մատուցած նուիրեալ ծառայութիւններուն:

Իր խօսքին մէջ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց պատուի արժանացած հայորդիները՝ շեշտելով անոնց ունեցած նուիրումն ու ժրաջանութիւնը իրենց մասնագիտական ասպարէզէն ներս, որոնց շնորհիւ արձանագրած էին փայլուն յաջողութիւններ՝ ներշնչում պատճառելով ապագայ սերունդներուն եւ հպարտութիւն՝ հայ համայնքի կողմէ ճանաչում ստանալու եւ գնահատուելու: Երբ իւրաքանչիւր պատուի արժանացող հայորդին մօտեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր՝ վկայագիր ստանալու, ներկաները եւ իրենց ընտանեկան պարագաները ուրախութեամբ եւ ծափահարութեամբ ողջունեցին զիրենք: Պատուի արժանացողները յատուկ Գնահատագիրներ ստացան նաեւ Գոնկրէսմէն Ատամ Շիֆի կողմէ, որ անձամբ շնորհաւորեց զիրենք:

Այս առթիւ տպագրուած էր յատուկ գրքոյկ մը, որ կը բովանդակէր պատուի արժանացողներուն նկարներն ու կենսագրութիւնները, ինչպէս նաեւ պատգամներ եւ շնորհաւորական բարեմաղթութիւններ իրենց ընտանիքներուն եւ բարեկամներուն կողմէ: Գրքոյկին մէջ կը պարունակէր նաեւ նկարներ եւ յիշատակներ 12րդ Տարեկան Սուրբ Ծննդեան Խրախճանքէն, ինչպէս նաեւ 2016 թուին Առաջնորդարանի եւ զանազան յանձնախումբերու կողմէ կատարուած գործունէութիւններուն:

13րդ Տարեկան Սուրբ Ծննդեան Խրախճանքը գեղեցիկ առիթ մը ստեղծեց միասնաբար տօնախմբելու Սուրբ Ծննդեան Տօնը: Երեկոն խանդավառեց բազմավաստակ եւ սիրուած երգիչ Յարութ Փամպուքճեան եւ նուագախումբը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment