1976-1982 թուականներուն, Մոսկուայի մէջ՝ «Financial Times» թերթի յատուկ թղթակից, 1982-ին «The Wall Street Journal»-ի՝ ԽՍՀՄ հարցերով փորձագէտ, ներկայիս Հատսըն համալսարանի աւագ գիտաշխատող Տէյվիտ Սեթըր, խօսելով ԼՂ հիմնախնդրի շուրջ ներկայ զարգացումներու՝ ապրիլեան պատերազմի ու անոր հետեւող իրադարձութիւններու մասին, նկատեց, որ հիմա անհնար է իմանալ, թէ ինչ պատճառով սկսաւ ապրիլեան պատերազմը: Ան նշեց, որ հիմա արդէն կարող ենք ըսել, թէ՝ մենք կը տեսնենք, որ իւրաքանչիւր կողմ հաւատալու պատճառ ունի, որ ռազմական ճանապարհով կրնայ բանի մը հասնիլ:
«Ապրիլին ատրպէյճանցիները որոշ տարածքներ գրաւեցին, իսկ հայերը ստացան նոր սպառազինութիւն Ռուսիայէն` ներառեալ Իսկանտէր համալիրը»,- նշեց Տէյվիտ Սեթըր:
Ամերիկացի վերլուծաբանի դիտարկմամբ՝ Ատրպէյճանը պարզապէս համաձայն չէ ներկայիս հաստատուած սահմանի հետ, անոր համար ալ կը հրաժարի լրացուցիչ վստահութեան մեքենականութիւններու ներդրման գաղափարէն:
Անդրադառնալով՝ քննարկուող թեմային, թէ Ռուսիա գերիշխող ազդեցութիւն ունի ԼՂ հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացին, նշեց, որ իրականին մէջ Ռուսիա պարտադրուած չէ խաղաղ պահել տարածաշրջանը:
Վերլուծաբանի խօսքով՝ աշխարհը տեղեակ է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութենէն, գիտէ, որ ան լուրջ բռնութիւն կը պարունակէ, ըստ անոր, աշխարհը այդ հակամարտութեան կարգաւորումը կը ցանկայ տեսնել խաղաղ ճանապարհով: Անդրադառնալով ԱՄՆ-ի դերակատարութեան՝ որպէս ԼՂ կարգաւորման գործընթացի միակ ձեւաչափը՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբը համանախագահ երկիր, նկատեց, որ ԱՄՆ-ը կը ցանկայ համագործակցիլ եւ՛ Հայաստանի, եւ՛ Ատրպէյճանի հետ՝ առերեսուելով տարածաշրջանի խնդրի հետ:
ԼՂ հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացի ապագայի մասին ամերիկացի վերլուծաբանը դժուարացաւ գուշակել. «Դժուար է կանխատեսել, թէ ինչ կը պատահի: Լարուածութիւնը կ’աճի, բայց ան կրնայ երկու կողմերուն մղել, որ ձեռնարկեն բանակցութիւններու»: