ԼՂ կարգաւորման հարցով բանակցութիւններ չկան: Այս մասին երէկ Ստեփանակերտի մշակոյթի գործիչներուն հետ հանդիպման ժամանակ յայտարարած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը։ «Չասեմ բանակցութիւններ, վերջին լուրջ խօսակցութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի խնդրով տեղի է ունեցել օգոստոսի 10-ին: Դրանից յետոյ որեւէ լուրջ խօսակցութիւն խնդրի մասին չի եղել»,- մանրամասնած է Սարգսեան:
ԼՂ հակամարտութեան հարցով Հայաստանի ու Ատրպէյճանի նախագահները այս տարի հանդիպած են երկու անգամ, վերջին հանդիպումը կայացած է մօտ 6 ամիս առաջ, ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինի նախաձեռնութեամբ, Սան Փեթերպուրկ։ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ երկիրներու արտաքին քաղաքականութեան ղեկավարներու համատեղ յայտարարութեան մէջ Քերի, Լավրով եւ Էրօ Սերժ Սարգսեանին ու Իլհամ Ալիեւին կոչ ըրած էին ճկունութիւն ցուցաբերել եւ վերադառնալ բանակցութիւններու սեղան, զգուշացնելով՝ եթէ առաջընթաց չարձանագրուի, նոր բախումներու հաւանականութիւնը պիտի շարունակուի աճիլ, եւ կողմերը պիտի կրեն անոր ամբողջ պատասխանատուութիւնը։
Հայաստանի նախագահը Լեռնային Ղարաբաղ մեկնած էր 8 դեկտեմբերին։ Եռօրեայ այցի ընթացքին ան եղած է առաջնագիծ, այցելած զօրամասեր, ՊԲ հրամանատարական կազմի հետ անցուցած է շարք մը խորհրդակցութիւններ։ Պատասխանելով Երեւանի տիկնիկային թատրոնի տնօրէն Ռուբէն Պապայեանի հարցին, թէ ինչու յատկապէս հիմա նախագահը որոշած է այցելել Ղարաբաղ, Սերժ Սարգսեան շեշտած է. «Դա ներքին պարտադրանք է, որովհետեւ հիմա այն ժամանակահատուածն է, երբ եւ՛ զօրքը, եւ՛ բնակչութիւնը, եւ՛ ԼՂՀ քաղաքացիներն արդէն պատրաստ պէտք է լինեն մի դժուարին ժամանակահատուած անցկացնելու»,- ըսած է Սերժ Սարգսեան:
Պաշտպանութեան բանակի հաղորդագրութեան համաձայն, այս գիշեր շփման գծի հարաւային (Հորադիզ) ուղղութեամբ հակառակորդը խոշոր տրամաչափի 82 մմ-ոց ականանետերէն 14 անգամ արկակոծած է հայկական դիրքերը։ Պաշտպանութեան բանակի փոխանցմամբ, այս պահի դրութեամբ շփման գօտիի ամբողջ երկայնքով իրադրութիւնը համեմատաբար հանգիստ է: