Home ԱՅԼԱԶԱՆ Մեքսիքայի Նախկին Նախագահ Էռնեսթօ Սետիլիոն կը Միանայ «Օրորա» Մրցանակի Ընտրող Յանձնաժողովին

Մեքսիքայի Նախկին Նախագահ Էռնեսթօ Սետիլիոն կը Միանայ «Օրորա» Մրցանակի Ընտրող Յանձնաժողովին

by MassisPost

9 Դեկտեմբեր, 2016-ին, Նիւ Եորք, «Օրորա» համաշխարհային մարդասիրական մրցանակը հաստատած է Էռնսթօ Սետիլիոյի նշանակումը որպէս 2017-ի «Օրորա» մրցանակի Ընտրող յանձնաժողովի անդամ: Մեքսիքայի նախկին նախագահը Նիւ Եորքի մէջ միացած է Ընտրող յանձնաժողովի յարգարժան անդամներուն՝ խորհրդակցելու մրցանակի 2017-ի յաւակնորդներու ընտրութեան շուրջ:

Իբր Մեքսիքայի նախագահ՝ Սետիլիոն երկրին մէջ իրականացուցած է կարեւոր ժողովրդավարական եւ ընկերային բարեփոխումներ ու մասնակցած է համաշխարհային հանրութեան սպառնացող շարք մը լուրջ մարտահրաւէրներու լուծման ուղղուած նախաձեռնութիւններուն: Սետիլիոն Ֆրանքլին Տ. Ռուզուէլթի անուան «Խիզախութեան մրցանակի» դափնեկիր է (Franklin D. Roosevelt Freedom from Fear Award): 2005-2011. ան գլխաւորած է «Համաշխարհային զարգացման ցանցը»: Ներկայիս, ան Եէյլի համալսարանի «Համաշխարհայնացման ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի» տնօրէնն է, որուն ուշադրութեան կեդրոնն են միջազգային զարգացման ծրագրերը:

Սետիլիոն կը միանայ «Օրորա» մրցանակի գործող Ընտրող յանձնաժողովին, որուն կազմին մէջ ընդգրկուած են Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիրներ Օսքար Արիաս, Շիրին Էպատի եւ Լեյմա Կպովէ, Իռլանդայի նախկին նախագահ Մէրի Ռոպինսոն, մարդու իրաւունքներու ոլորտի աշխատակից Հինա Ճիլանի, Միջազգային ճգնաժամային խումբի պատուաւոր նախագահ եւ Աւստրալիոյ նախկին վարչապետ Կարեթ Էվընս, «Օրորա» մրցանակի համահիմնադիր Վարդան Գրիգորեան եւ օսքարակիր դերասան ու մարդասէր Ճորճ Քլունի:

«Օրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան մասին
«Օրորա» նախաձեռնութեան նպատակն է ստեղծել համաշխարհային մարդասիրական շարժում։ Այն իր արմատներով կը հասնի Հայոց ցեղասպանութիւն, որուն զոհ գնաց աւելի քան մէկուկէս միլիոն հայ, ու հիմնուած է այդ տարիներուն տեղ գտած խիզախութեան ու վերապրումի ոգեշնչող պատմութիւններուն վրայ։ Մէկ դար անց «Օրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը երախտագիտութեամբ կը ներկայացնէ փրկուածներու ու անոնց փրկողներու պատմութիւնները՝ մեծարելով մարդկային ոգիին տոկունութիւնը եւ փառաբանելով մարդասիրութիւնը։

«Օրորա» նախաձեռնութիւնը Վարդան Գրիգորեանի, Նուպար Աֆէեանի եւ Ռուբէն Վարդանեանի մարդասիրական ձեռնարկումն է։ Այն ներկայացուած է երեք հիմնադրամներու կողմէ՝ 100 Lives հիմնադրամ (Նիւ Եորք, ԱՄՆ), 100 Lives հիմնադրամ (Ժնեւ, Զուիցարիա) եւ IDeA հիմնադրամ (Երեւան Հայաստան):

«Օրորա» համաշխարհային մարդասիրական մրցանակի մասին
Հայոց ցեղասպանութեան վերապրողներու անունէն՝ ի երախտագիտութիւն անոնց փրկողներուն, «Օրորա» մրցանակի դափնեկիրին ամէն տարի պիտի շնորհուի 100.000 տոլար պարգեւ եւ բացառիկ հնարաւորութիւն շարունակելու նուիրատուութեան շղթան՝ 1.000.000 տոլարի դրամաշնորհի առաջադրելով իրեն ոգեշնչած եւ գործի մղած կազմակերպութիւններուն։ Մրցանակի դափնեկիրները ճանաչման կ’արժանանան այն բացառիկ ազդեցութեան համար, որ անոնք իրենց գործողութիւններով ունեցած են մարդկային կեանքի պահպանման եւ մարդասիրութիւն առաջ մղելու վրայ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment