Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Լուսաւոր Հայաստան», «Քաղաքացիական Պայմանագիր» եւ «Հանրապետութիւն» Կուսակցութիւնները Համագործակցութեան Յուշագիր Ստորագրեցին

«Լուսաւոր Հայաստան», «Քաղաքացիական Պայմանագիր» եւ «Հանրապետութիւն» Կուսակցութիւնները Համագործակցութեան Յուշագիր Ստորագրեցին

by MassisPost

«Լուսաւոր Հայաստան» (ԼՀ), «Հանրապետութիւն» եւ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» (ՔՊ) կուսակցութիւնները այսօր պաշտօնապէս յայտարարեցին խորհրդարանական, ապա նաեւ Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն դաշինքով մասնակցելու մասին։

Երեք ուժերը քաղաքական համագործակցութեան յուշագիր ստորագրեցին, որուն մէջ, մասնաւորապէս, նշուած է, որ կողմերը համատեղ գործունէութեան, նոր ուժերու ներգրաւման վերաբերեալ որոշումները կը կայացնեն համաձայնութեամբ, համատեղ գործունէութեան արդիւնքով կը սկսին բանակցութիւններ միասնական կուսակցութիւն ստեղծելու վերաբերեալ: Տակաւին անուանում չունեցող դաշինքը յոյս ունի ստանալ ընտրողներու քուէներու 50 գումարած 1 տոկոսը։

ՔՊ անդամ, ԱԺ պատգամաւոր Նիկոլ Փաշինեան ըսաւ. «Ասել ենք նաեւ մեր արտահերթ համաժողովից առաջ եւ համաժողովի ընթացքում, որ մենք նախկինում կայացուած որոշումներով կաշկանդուած չենք եւ այս համատեքստում բոլոր քննարկումները պէտք է սկսուեն զրոյից: Այսինքն՝ կողմերից որեւէ մէկը չի եկել միւս գործընկերներին ինչ-որ լուծումներ պարտադրելու եւ այլն»:

Վանաձորի նախընտրական պայքարի ընթացքին, «Լուսաւոր Հայաստանը» եւ «Քաղաքացիական պայմանագիրը» իրար հասցէին հնչեցուցած մեղադրանքը, եւ մասնաւորապէս՝ ԼՀ առաջնորդ, ԱԺ պատգամաւոր Էտմոն Մարուքեանի՝ իրական ընդդիմադիր ըլլալու կասկածի տակ առած Փաշինեանը, «Լուսաւոր Հայաստանի» ղեկավարի մասին, ըսաւ. «Մենք բարձրաձայնել ենք մեր պատկերացումները, արձանագրել ենք մեր տարընթերցումները եւ այսօր, ի դէմս այդ երեք փաստաթղթի, մենք ունենք իրավիճակ, երբ այդ տարաձայնութիւնները կլոպալ առումով յաղթահարուած են»:

Էտմոն Մարուքեանը աւելցուց․ «Մեզ ոչ միայն քննադատում էին նրա համար, որ անհաշտ էինք, այլ նաեւ քննադատում էին, որ չենք միանում: Եւ մենք, վեր կանգնելով այդ ամէնից, բնականաբար քննարկելով այդ ամէնը միասին, սկսում ենք մի նոր՝ շատ կարեւոր ճանապարհ»:

Երեք կուսակցութիւններու՝ Մարուքեանի նշած «նոր ճանապարհը» ֆինանսաւորելու համար, կը փորձեն որպէս հովանաւորներ ներգրաւել գործարար միջավայրի այն ներկայացուցիչները, որոնց շահերը կը համընկնին նորաստեղծ դաշինքի շահերուն։

Հարց հնչեց նաեւ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան նախկին Գագիկ Ծառուկեանի վերադարձի եւ առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի՝ խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցելու մտադրութեան մասին։ Հարցին պատասխանեց «Հանրապետութեան» ղեկավար Արամ Սարգսեանը․ «Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութիւնը չի արգելում ո՛չ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանին, ո՛չ Գագիկ Ծառուկեանին ընդդիմադիր գործունէութեամբ զբաղուել: Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի մասով չեմ կասկածում, որ կը ծաւալի ընդդիմադիր գործունէութիւն: Գագիկ Ծառուկեանի մասով՝ ժամանակը ցոյց կը տայ: Գնահատականներ տալու խնդիր չեմ տեսնում: Մեր գործունէութիւնը չենք կապում այդ ուժերի հրապարակ մտնելով կամ չմտնելով: Մեր պայքարը գործող իշխանութեան դէմ է՝ այս վարչախմբի»:

Իշխող Հանրապետական խմբակցութեան ղեկավար Վահրամ Պաղտասարեանը նկատեց, որ փորձը ցոյց կու տայ, թէ՝ դաշինքները Հայաստանի մէջ կարճ կեանք կ’ունենան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment