Հայ ազգային գոնկրեսի նախընտրական ցուցակը պիտի գլխաւորէ Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանը: Այս մասին 9 դեկտեմբերին աւանդական խորհրդարանական ճեպազրոյցներու ընթացքին յայտնեց ՀԱԿ խմբակցութեան ղեկավար Լեւոն Զուրապեանը:
Քաղաքական այլ ուժերու հետ բանակցութիւնները, ըստ Զուրապեանի, հնարաւոր են, բայց անոր կարծիքով որեւէ մէկը չի կրնար նախընտրական ցուցակը գլխաւորել քան Լեւոն Տէր-Պետրոսեանը:
Լեւոն Զուրապեան ճեպազրոյցներու ընթացքին յայտարարեց, որ Հայաստանի իշխանութիւնները այժմ զբաղած են նախընտրական աճպարարութեամբ: Անոր խօսքով. «Վարչապետ Կարէն Կարապետեանը Գիւմրիում յայտարարել է, որ Հայաստանում մենաշնորհ չկայ: Ես էլ կարող եմ յայտարարել, որ Հայաստանում Կարէն Կարապետեանի կառավարութիւն չկայ: Դուք ինձ կը հաւատա՞ք: Չէք հաւատայ: Այդ դէպքում մենք ինչո՞ւ պիտի նման յայտարարութիւններին հաւատանք»:
Ընդդիմադիր պատգամաւորի գնահատմամբ՝ իշխանութիւններու նախընտրական գլխաւոր աճպարարութիւնն այն է, որ ինչպէս միշտ, ընտրութիւններէն առաջ կը փորձեն իրենց նոր կերպարը ստեղծել. օրինակ՝ կառավարութենէն հանեցին ամենազզուելի դէմքերը: «Այս ամէնն արւում է մէկ նպատակով՝ ընտրութիւններից առաջ կեանքից դժգոհ բնակչութեան շրջանում դրական տրամադրութիւն ստեղծելու»,- աւելցուց Լեւոն Զուրապեան: