Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ ԱՄՆ-ի Մէջ Մեկնաբանած են Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Սամանթա Փաուըրի Յայտարարութիւնը

ԱՄՆ-ի Մէջ Մեկնաբանած են Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Սամանթա Փաուըրի Յայտարարութիւնը

by MassisPost

ԱՄՆ-ի թիւ երկու բարձրաստիճան դիւանագէտ, ՄԱԿ-ի մէջ ԱՄՆ-ի դեսպան Սամանթա Փաուըրի Հայոց ցեղասպանութեան մասին հրապարակային յայտարարութենէն ետք, «Ամերիկայի Ձայնը» մտահոգութիւն յայտնած է, թէ արդեօք Օպամայի վարչակազմը քողազերծուած կերպով ճանչցած է Առաջին աշխարհամարտի տարիներուն հայերու դէմ իրականացուած ջարդը, որպէս՝ ցեղասպանութիւն։

Վերջերս, Հրէական ողջակիզման նուիրուած հանդիպման ժամանակ, Փաուըր խօսելով պատմական անարդարութիւններու մասին, խօսած էր նաեւ «Հայոց Ցեղասպանութիւնը հերքողներու մասին»։

Նոյն հարցը տուած է նաեւ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը՝ նշելով, որ այս 4 բառերը կրնան «կատղեցնել» ՆԱԹՕ-ի մէջ ԱՄՆ-ի դաշնակից Թուրքիան, որ ամէն գնով կը հակադարձէ Ցեղասպանութեան մասին որեւէ ակնարկ։ Ու քանի,  որ Թուրքիա կը գտնուի աշխարհի ամենանկայուն տարածարջաններէն մէկուն մէջ, դար մը առաջ տեղի ունեցած ջարդերու մասին խօսելու ատեն, ԱՄՆ-ի պաշտօնատար անձինք կը ցուցաբերեն ծայրայեղ զգուշութիւն, գրած է թերթը։

Մինչեւ Օպամայի վարչակազմ ընդունուիլը, Բուլիցըրի  մրցանակակիր լրագրող Փաուըր, բազմիցս գրած է Հայոց ցեղասպանութեան  վերաբերեալ  ԱՄՆ-ի դիրքորոշման մասին։ Ան բազմիցս քուլիսներու ետին  լոպիինկի աշխատանք իրականացուցած է, որպէսզի Օպամա պաշտօնապէս ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։

Իր կարգին գոնկրեսական Ատամ Շիֆը վստահ է, որ ԱՄՆ-ը պէտք է յստակ ու պարզորոշ կերպով խօսի Հայոց Ցեղասպանութեան մասին։ «Ամերիկայի Ձայն»-ի հայկական ծառայութեան  խօսելով գոնկրեսականը ըսած է. «Այսօր, երբ Օպամային մնացած է պաշտօնավարման համար միայն մի քանի շաբաթ, ան կարող է կատարել Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու նախընտրական արշաւի ընթացքին տրուած իր խոստումները»։

Գոնկրեսական Ֆրանք Փալոնը, յիշեցնելով Հայոց ցեղասպանութիւնը ԱՄՆ-ի կողմէն պաշտօնապէս ճանչցուելու գործը Գոնկրեսին մէջ Հայկական հարցերով յանձնախումբի աշխատանքներուն մասին, ըսած է. «Շատերը կը հաւատան, որ Գոնկրեսն ու երկրի նախագահը օր մը պիտի ճանչնան Հայոց Ցեղասպանութիւնը, եւ ես շատ գոհ եմ, որ Սամանթա Փաուըրը հանդէս եկաւ այդ յայտարարութեամբ»:

«Հերքողական պատի մէջ անցք բանալու» մասին խօսած է նաեւ Հայաստանի մէջ ԱՄՆ-ի նախկին դեսպան Ճոն Էվընսը՝ յիշեցնելով «Խնդիր՝ դժոխքէն»   խորագրեալ  Փաուըրի գիրքին մասին, որ կը սկսի Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պատմելով։

«Ես մեծ յարգանք կը տածեմ անոր նկատմամբ, որպէս գիտնական ու հրապարակախօս։ Սակայն ան այլ դեր կատարեց անցեալ տարիներուն որպէս ՄԱԿ-ի մէջ ԱՄՆ-ի դեսպան։ Բայց ի վերջոյ կրցաւ դատապարտել անհերքելի փաստերու հերքումը»,- ըսած է Ճոն Էվընսը։

Ըստ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի յօդուածին, «ԱՄՆ-ի նախկին նախագահ Ճիմի Քարթըր 1978-ին գրեթէ մօտեցած էր «ցեղասպանութիւն» եզրին, երբ յայտարարած էր, թէ «նպատակաուղղուած ջանք կիրառուած է ամբողջ հայ ժողովուրդը ջնջելու համար։ Ռոնըլտ Ռէկան, 1981-ին արտասանած էր «Հայերու ցեղասպանութիւն» բառակապակցութիւնը՝ դառնալով ԱՄՆ-ի մինչ այժմ վերջին նախագահը, որ հայերու դէմ իրականացուած ջարդերը ճանչցած է, որպէս՝ Ցեղասպանութիւն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment