Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սերժ Սարգսեանը եւ ԱՄՆ-ի Ընտրեալ Փոխնախագահ Մայք Փենսը Հեռախօսազրոյց են ունեցել

Սերժ Սարգսեանը եւ ԱՄՆ-ի Ընտրեալ Փոխնախագահ Մայք Փենսը Հեռախօսազրոյց են ունեցել

by MassisPost

Միացեալ Նահանգներու նոր վարչակազմի օրով հայ-ամերիկեան քաղաքական, տնտեսական յարաբերութիւններու արդի բարձր մակարդակը ոչ միայն կը պահպանուի, այլեւ նոր լիցք կը ստանայ: Ըստ Հայաստանի նախագահի լրատուական ծառայութեան, այս մասին երկուստեք ընդգծուած է նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ ԱՄՆ-ի նորընտիր փոխնախագահ Մայք Փենսի հեռախօսազրոյցի ժամանակ:

1 Դեկտեմբերին կայացած զրոյցի ընթացքին նախագահ Սերժ Սարգսեանը անգամ մը եւս շնորհաւորած է ԱՄՆ-ի ընտրեալ նախագահ Թրամբին եւ անոր խումբին ընտրութիւններուն տարած յաղթանակի կապակցութեամբ՝ մաղթելով «յաջողութիւններ պատասխանատու առաքելութեան իրականացման գործին»: Անդրադարձ եղած է նաեւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող օրակարգային հարցերուն, այդ կարգին՝ տարածաշրջանային խնդիրներուն եւ մարտահրաւէրներուն:

Ամերիկայի հայկական համագումարի տարածաշրջանային տնօրէն Արփի Վարդանեանը «սպասողական» բնութագրած է իրավիճակը: Ըստ անոր, տակաւին ժամանակ պէտք է, հասկնալու համար, թէ արտաքին քաղաքական ինչ դիրքորոշում պիտի որդեգրէ Տոնալտ Թրամբի վարչակազմը միջազգային հրատապ խնդիրներու նկատմամբ:

Հայաստան-ԱՄՆ յարաբերութիւններէն զատ, Ամերիկայի հայկական համագումարի տարածաշրջանային տնօրէնը առանձնացուց երեք հարց, որոնց ուղղութեամբ ԱՄՆ-ի հայկական կառոյցները պիտի կեդրոնացնեն իրենց ջանքերը նաեւ Թրամբի վարչակազմի պաշտօնավարման օրով: Անոնք են՝ Հայոց ցեղասպանութեան փաստի ճանաչում, աջակցութիւն Լեռնային Ղարաբաղին եւ սուրիահայերու խնդիր:

Օրեր առաջ Թրամբի վարչակազմի պաշտօնավարման շրջանին հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու հեռանկարներուն անդրադարձած էր նաեւ Հայաստանի՝ ԱՄՆ-ի դեսպան Ռիչըրտ Միլսը: Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւններու օրը ան յայտարարած էր՝ «Ով էլ ընտրուի ԱՄՆ-ի նախագահ, մենք ողջ աշխարհում հաւատարիմ կը մնանք մեր ընկերներին եւ, միանշանակ, նաեւ Հայաստանին»:

Յետխորհրդային շարք մը երկիրներու առաջնորդներ արդէն զրուցած են Թրամբի հետ

Ի տարբերութիւն, Հայաստանի նախագահի, յետխորհրդային մի քանի այլ երկիրներու ղեկավարներ հեռախօսազրոյց ունեցած են ԱՄՆ-ի ընտրեալ նախագահի՝ Տոնալտ Թրամբի հետ: Անոնց կարգին են Ռուսիոյ, Ղազախստանի, Ուքրանիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահները: Սակայն, ըստ Հայաստանի նախագահի լրատուական ծառայութեան, Սարգսեան-Փենս հեռախօսազրոյցը կայացած է ամերիկեան կողմի նախաձեռնութեամբ, մինչդեռ, օրինակ, Իլհամ Ալիեւ ինք զանգահարած էր Թրամբին:

Տարածաշրջանային հետազօտութիւններու կեդրոնի ղեկավար Ռիչըրտ Կիրակոսեանի խօսքով, արարողակարգի առումով անսովոր է, երբ ընտրեալ փոխնախագահը զանգահարէ որեւէ այլ երկրի նախագահի:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment