Դպրոցներու մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան պատմութեան պարտադիր ուսուցանումը կարեւոր քայլ է յատկապէս Ֆրեզնոյի համար, ուր հայկական մեծ համայնք կը բնակի: Այս մասին կը հաղորդէ «The Fresno Bee»-ն:
Ըստ յօդուածին, այս տարի Գալիֆորնիոյ Կրթութեան հարցերու խորհուրդը հաւանութեան արժանացուցած է Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդման ծրագիրը: Բացի այդ, խորհուրդ տրուած է նիւթը դասաւանդած ժամանակ զուգահեռներ ստեղծել Հոլոքոսթին հետ: Ուսուցիչները պէտք է նաեւ տեղեկութիւններ տրամադրեն Ցեղասպանութեան «ամերիկեան աննախադէպ մարդասիրական արձագանգին» մասին: Օգնութիւն ցուցաբերելու համար աւելի քան 117 մլն տոլար հաւաքուած է, եւ աւելի քան 1 մլն փախստականի կեանք փրկուած է:
Նոր նիւթերը, որոնց նպատակը դպրոցականներուն պատմական իրադարձութիւններուն մասին քննադատօրէն մտածել սորվեցնելն է, դասագիրքերու մէջ պիտի ներառուին 2018 թուականին: